Զելենսքի. «Ուքրանացի Բանագնացները Հինգշաբթի Օր Ժողով Պիտի Գումարեն Ամերիկացի Պաշտօնատարներու Հետ»

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի նշեց, որ ուքրանացի բանագնացներ այսօր ամերիկացի պաշտօնատարներու հետ ժողով պիտի գումարեն` քննարկելու համար ապրուստի մակարդակի բարելաւման եւ պատերազմէն ետք երկրի վերաշինութեան թղթածրարները:

Զելենսքի լրագրողներուն յայտնեց, որ երկու պատուիրակութիւնները նաեւ պիտի քննարկեն Ռուսիոյ մասնակցութեամբ եռակողմ ժողովի դասաւորումները` աւելցնելով, որ Քիեւ կը յուսայ զայն մարտին գումարել:

 

Leave a Comment