Իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ 12 ամերիկեան «Էֆ-22» տիպի հալածիչներ էջք կատարած են Իսրայէլի մէջ:
Պատկերասփիւռի կայանը այս շաբաթ նաեւ հաղորդած էր, թէ ամերիկեան յատուկ գործողութիւններու միաւորին պատկանող գաղտնի օդանաւ մը էջք կատարած է Թել Աւիւի «Պեն Կորիոն» օդակայանին մէջ:
Ձայնասփիւռի կայանը նշեց. «Իսրայէլ կը շարունակէ Իրանի դէմ Միացեալ Նահանգներու հարուածի պարագային իրանեան հաւանական հակադարձութեան իր պատրաստութիւնները ամբողջացնել, եւ ներքին ճակատին վրայ պատրաստուածութեան մակարդակը բարձրացուցած է յունիս 2025-ին «Բարձրացող առիւծ» գործողութեան նախորդող մակարդակին»:
Իսրայէլեան պետութեան դէտ Մաթանահիու Ինկըլման իսրայէլեան կառավարութեան կոչ ուղղեց` Իրանի հետ լարուածութեան լոյսին տակ տասնեակ հազարաւոր բնակիչներու հեռացման պատրաստուելու: