Արաղչի. «Հիւլէական Ճարտարագիտութեան Բարիքներէն Օգտուելու Մեր Իրաւունքէն Պիտի Չհրաժարինք»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց. «Ուաշինկթընի հետ Ժընեւի մէջ բանակցութիւնները վճռակամութեամբ պիտի շարունակենք կարելի եղածին չափ կարճ ժամանակի ընթացքին արդար համաձայնութիւն մը գոյացնելու համար»:

«Հիւլէական զէնք պիտի չզարգացնենք, եւ հիւլէական ճարտարագիտութեան բարիքներէն օգտուելու մեր իրաւունքէն պիտի չհրաժարինք», նշեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը:

«Պատմական առիթ մը ունինք հասնելու աննախադէպ համաձայնութեան մը, որ լուծում կը բերէ հասարակաց մտավախութիւններուն եւ հասարակաց շահերը կ՛իրագործէ», ըսաւ ան:

«Ուաշինկթընի հետ համաձայնութիւնը հասանելի է, պայմանով, որ առաջնահերթութիւնը դիւանագիտութեան տրուի», յայտնեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարը:

«Մենք պիտի չտատամսինք ընելու ամէն ինչ` մեր գերիշխանութիւնը քաջաբար պաշտպանելու համար», ընդգծեց ան:

«Ժրաջան կերպով պիտի աշխատինք որեւէ տարակարծութեան խաղաղ լուծման հասնելու համար», շեշտեց Արաղչի:

Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան յայտնեց. «Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէիի ցուցմունքով աշխատանք տարինք կառավարելու բանակցային հոլովոյթը եւ շրջանցելու «ոչ պատերազմ, ոչ խաղաղութիւն» գրգռիչ իրավիճակը»:

«Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ անուղղակի բանակցութիւններուն համար դրական հորիզոններ կը տեսնենք»:

 

Leave a Comment