Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

Սպիտակ տան բանբեր Քարոլայն Լեւիթ յայտարարեց. «Իրանի վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի առաջին ընտրանքը միշտ դիւանագիտութիւնն է, սակայն պատրաստ է անհրաժեշտութեան պարագային մահաբեր ուժ օգտագործելու»:

«Թրամփ Իրանի հետ աշխատանքին մէջ դիւանագիտութիւնը կը նախընտրէ», ըսաւ ան` նշելով. «Ուաշինկթըն եւ Թեհրան վերջին բանակցութիւններուն որոշ յառաջընթաց արձանագրեցին»:

Նախքան այդ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հերքեց «ապակողմնորոշող» տեղեկութիւնները, թէ ամերիկեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Տանիել Քին դէմ արտայայտուած է Իրանի դէմ պատերազմին, եւ նշեց, թէ զօրավարը ուրիշներուն նման պատերազմը չ՛ուզեր, սակայն յաղթանակը դիւրին կը տեսնէ, «եթէ Իրանին զինուորական կերպով դէմ դնելու որոշում տամ»:

«Իրանի համար չափազանց վատ օր մը պիտի ըլլայ, եթէ համաձայնութեան չհասնինք, եւ այն ամէնը, որ Իրանի հետ հաւանական պատերազմի մասին հրապարակուեցաւ, սխալ գրուած է», նշեց Թրամփ:

«Որոշումը ես կու տամ, եւ համաձայնութեան հասնիլը աւելի լաւ է, սակայն եթէ չկարենանք ատիկա կատարել, ապա Իրանի համար չափազանց վատ օր մը պիտի ըլլայ», աւելցուց Սպիտակ տան ղեկավարը:

Յիշեցնենք, որ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ բանակցութիւններու նոր փուլը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 26 փետրուարին, Ժընեւի մէջ:

 

 

Leave a Comment