Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղեր. Միլան – Քորթինա 2026-ի Ողիմպիականը Աւարտեցաւ

Կիրակի գիշեր Միլան – Քորթինա Ողիմպիական ձմեռնային 25-րդ խաղերը աւարտեցան հիւրընկալ քաղաքներու` Միլանոյի եւ Քորթինա Տ՛Ամփեցոյի ջահերը մարելով, մինչ փակման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ պատմական «Վերոնա Արենա»-ին մէջ, որ կը գտնուի Միլանի եւ Քորթինայի ճամբուն կէս հեռաւորութեան վրայ:

Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Քրիսթի Քովենթրի յայտնեց, որ կազմակերպիչ երկիրը նոր եւ բարձր մակարդակի ձմեռնային խաղեր ներկայացնելով, ապագայի գծով շատ բարձր չափանիշ մը:

Յառաջիկայ ձմեռնային խաղերը տեղի պիտի ունենան դրացի Ֆրանսայի մէջ, որ ստացաւ Ողիմպիականի դրօշակը` պաշտօնական ձեւով ստանձնելէ ետք արարողութեան սկիզբը: Նոյն «տարածուած» ձեւով, 2030-ի ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը տեղի պիտի ունենան Ալփեան լեռներուն եւ ծովեզերեայ Նիս քաղաքին մէջ, մինչ սառոյցի վրայ վազքի մրցումները տեղի պիտի ունենան կա՛մ Իտալիոյ, կա՛մ ալ Նետերլանտներուն մէջ:

116 մետալներ բաժնուեցան 8 ողիմպիական մարզաձեւերու 16 կարգերով, 17 օրերու վրայ տեղի ունեցած մրցումներէ ետք: 50 քմ տղոց եւ աղջկանց Քրոս Քաունթրիի մետալները բաժնուեցան Քովենթրիի միջոցով, Վերոնայի մարզադաշտին վրայ:

Հիւրընկալ Իտալիա իր պատմութեան առաւելագոյն մետալները շահեցաւ ձեռք ձգելով 30 մետալներ` 10 ոսկի, 6 արծաթ եւ 14 պրոնզ, բարելաւելով իր նախկին մրցանիշը` 20 մետալներ, որ 1994-ին Լիլիհեմըրի Ողիմպիականին շահած էր:

Փակման հանդիսութիւնը մեծ մասամբ յագեցած էր իտալական պարի եւ երգի քնարական օփերայէն մինչեւ 20-րդ դարու իտալերէն երգերով, մինչ Տի.Ճէյ. Կապրի Փոնթէ իր եղանակներով 1.500 աթլեթներ պարել տուաւ իր հետաքրքրական երաժշտութեամբ: 2,5 ժամ տեւած արարողութենէն ետք, պալէ պարող Ռոպերթօ Պոլլէ իր առաջին բացօթեայ ելոյթով փայլուն օղակի մէջ կատարեց իր «արեւ»-ի ելոյթը` մասնակցութեամբ իտալացի երգչուհի Ժոան Թիլէի:

Մօտ 12 հազար հանդիսատեսներ ներկայ էին փակման հանդիսութեան, որ աւելի «մտերմիկ» էր բաղդատմամբ բացման հանդիսութեան, ուր 60 հազարէ աւելի համակիրներ կային շատ աւելի մեծ «Սան Սիրօ» մարզադաշտին մէջ:

Նորվեկիա շահեցաւ առաւելագոյն մետալները` 41 մետալ, մինչ Միացեալ Նահանգներ գրաւեց Բ. դիրքը:

Ստորեւ` լաւագոյն 10-ին դասաւորումը.

ՈՍԿԻ ԱՐԾԱԹ ՊՐՈՆԶ
1.- Նորվեկիա 18 12 11
2.- Միացեալ Նահանգներ 12 12 9
3.- Նետերլանտներ 10 7 3
4.- Իտալիա 10 6 14
5.- Գերմանիա 8 10 8
6.- Ֆրանսա 8 9 6
7.- Շուէտ 8 6 4
8.- Զուիցերիա 6 9 8
9.- Աւստրիա 5 8 5
10.- Ճափոն 5 7 12

Leave a Comment