Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց. «Միջին Արեւելքի մէջ աշխատանք կը տանինք փուլ եկող շիի եւ կազմաւորուող սիւննի առանցքներուն դէմ նոր առանցք կազմելու»:
«Նոր առանցքը, որուն կազմութեան վրայ կ՛աշխատինք, կը ներառէ Հնդկաստանը, արաբական եւ ափրիկեան երկիրներ, ինչպէս նաեւ միջերկրականեան երկիրներ, որոնց շարքին են Կիպրոսն ու Յունաստանը», նշեց Նեթանիահու: