«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց. «Իրան Իրաքի հետ արեւմտեան իր սահմանի ամբողջ երկայնքին տեղակայեց թեւաւոր հրթիռներու արձակման հարթակներ, որոնք բաւարար են Իսրայէլը հարուածելու, իսկ իր հարաւային ծովեզերքի երկայնքին` ամերիկեան ռազմակայաններու եւ շրջանին մէջ այլ թիրախներու համար»:
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդէն երեք անձեր ու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ ամերիկեան օրաթերթին յայտնած են. «Իրան կը գործէ` մեկնելով այն հաւանականութենէն, թէ ամերիկեան զինուորական հարուածները անխուսափելի եւ մօտալուտ են, նոյնիսկ եթէ երկու կողմերը շարունակեն հիւլէական համաձայնութեան շուրջ դիւանագիտական երկխօսութիւնն ու բանակցութիւնները»:
«Նիւ Եորք Թայմզ» նշեց. «Իրան իր բոլոր զինեալ ուժերուն պատրաստուածութիւնը բարձրացուց առաւելագոյն աստիճանի եւ բուռն դիմադրութեան կը պատրաստուի»:
Աղբիւրներ օրաթերթին յայտնած են. «Պատերազմ ծագելու պարագային ոստիկանութեան մասնայատուկ ուժերը, հետախուզութեան անդամներն ու Յեղափոխական պահակագունդի Պասիժ միաւորի գաղտնի անդամները պիտի տեղակայուին մեծ քաղաքներու փողոցները եւ խուզարկութիւն պիտի կատարեն ներքին անկարգութիւնները արգիլելու եւ օտարերկրեայ լրտեսական ծառայութիւններու հետ կապ ունեցող գործակալներ որոնելու համար»:
Աղբիւրները «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին ըսած են. «Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէին իր մօտիկ խորհրդատու, Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանիին եւ շարք մը մօտիկ քաղաքագէտներու եւ զինուորներու ցուցմունք տուաւ երաշխաւորելու վարչակարգի գոյատեւումը ընդդէմ բոլոր սպառնալիքներուն, ըլլայ այդ ամերիկեան կամ իսրայէլեան զինուորական հարուածներու, կամ նոյնիսկ բարձրաստիճան ղեկավարներու, ներառեալ ինքնին գերագոյն հոգեւոր պետի թիրախաւորման փորձերու կամ ահաբեկումին»:
Խամենէի հրապարակած է ցուցմունք մը եւ իւրաքանչիւր պաշտօնի, ըլլայ այդ զինուորական, թէ կառավարական, իրաւայաջորդութեան չորս մակարդակներ ճշդած, ինչպէս նաեւ ղեկավար դիրքի վրայ գտնուողներու հրամայած է 4 փոխարինողներ ճշդել:
Ան նաեւ իրեն հետ կապը կտրուելուն կամ իր ահաբեկման պարագային իրեն մօտիկ եղող նեղ շրջանակին որոշումներ տալու լիազօրութիւն տուած է: