Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 27-րդ հանգրուանին գծով մրցումի մը ընթացքին, պարագլուխի դիրքը գրաւող Արսենալ 2-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք, 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց վերջին դիրքը գրաւող Վուլվզի դէմ մրցումին:
Պուքայօ Սաքա 5-րդ վայրկեանին նշանակեց Արսենալի արագ կոլը եւ 56-րդ վայրկեանին Փիեռօ Հինքեփի նշանակեց 2-րդ կոլը:
61-րդ վայրկեանին Վուլվզի սպանացի յետսապահ Ուկօ Պուենօ նշանակեց Վուլվզի «յոյս»-ի կոլը:
26 մրցումներէ 9 կէտեր հաւաքած Վուլվզ 94-րդ վայրկեանին կրցաւ 10-րդ կէտը շահիլ, երբ Թոմ Էտոզիի հարուածը փորձեց զսպել իտալացի յետսապահ Ռիքարտօ Քալաֆիորխ, որ նշանակեց իր բերդին մէջ:
Արսենալ 5 կէտերու առաւելութիւն ունեցաւ Սիթիի վրայ, որ մրցում մը նուազ կատարած է:
Իտալիոյ ախոյեանութեան 25-րդ վերջին մրցումին, Ա. Սէ. Միլան 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց Քոմոյի հետ: Ռաֆայէլ Լէաօ նշանակեց Միլանի հաւասարութեան կոլը, մինչ Նիքօ Փազ նշանակած էր Քոմոյի կոլը առաջին կիսախաղին: