Ամերիկեան Ազգային անվտանգութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են. «Շաբաթ օրուընէ սկսեալ Իրանի դէմ ամերիկեան զինուորական հարուածի կարելիութիւն գոյութիւն ունի»:
Աղբիւրները «Սի.Պի.Էս.»-ին յայտնած են. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մինչեւ հիմա Իրանի վրայ յարձակումին վերաբերեալ վերջնական որոշում չտուաւ»:
«Սի.Էն.Էն.» իր կարգին յղում կատարելով աղբիւրներու հաղորդեց. «Ամերիկեան բանակը Սպիտակ տան յայտնեց, որ պատրաստ է այս շաբթուան աւարտէն սկսեալ Իրանը հարուածելու», եւ թէ Թրամփ «կը շարունակէ իր խորհրդատուներուն եւ դաշնակիցներուն կարծիքը հարցնել Իրանի վերաբերեալ լաւագոյն ուղիին շուրջ, եւ դռնփակ նիստերու ընթացքին ոչ պաշտօնական կերպով քննարկած է Իրանի դէմ զինուորական արարքի զօրակցող եւ ընդդիմացող կարծիքներ»:
«Փենթակոն սկսաւ ռմբաձիգներ եւ վառելանիւթ մատակարարող օդանաւեր Բրիտանիոյ մէջ գտնուող ռազմակայաններէ Միջին Արեւելքի մօտ դիրքեր փոխադրել», աւելցուց «Սի.Էն.Էն.»:
Ամերիկեան ծովուժէն պաշտօնատար մը «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնեց. «Ներկայիս Միջին Արեւելքի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ 13 մարտանաւեր ունինք, ինչպէս նաեւ ունինք յարձակողական ուժ, որ մեզի կարող կը դարձնէ Իրանի դէմ շաբաթներու վրայ երկարող օդային պատերազմ շղթայազերծելու»:
Զինուորական պատասխանատուներ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին յայտնած են. «Ճերըլտ Ֆորտ» օդանաւակիրը կրնայ շաբաթավերջին կամ յառաջիկայ շաբթուան սկիզբը Միջերկրական հասնիլ»:
Ամերիկացի զինուորական պաշտօնատար մը իր կարգին օրաթերթին նշած է. «Բանակը այլեւս կարող դարձաւ իր ուժերն ու դաշնակիցները իրանեան որեւէ հակադարձութենէ պաշտպանելու»:
Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութենէն ալ պաշտօնատարներ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին յայտնած են. «Թրամփին փոխանցուեցաւ, թէ իրանեան ղեկավարութիւնը փոխելու որեւէ գործողութեան յաջողութիւնը հաստատ չէ»:
Լեհաստանի վարչապետ Տանըլտ Թուսք երէկ յայտարարեց. «Բոլոր լեհերը պէտք է անմիջապէս Իրանէն հեռանան»` շեշտելով. «Իրանէն լեհերը հեռացնելու առիթը կրնայ քանի մը ժամէն աւարտիլ»:
Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն Ռաֆայէլ Կրոսի երէկ յայտարարեց. «Իրանի դիւանագիտական պատուհանը սկսաւ փակուիլ, եւ Իրան Ամերիկայի հետ համաձայնութիւն գոյացնելու երկար ժամանակ չունի»:
Քրեմլին երէկ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց` Իրանի հետ լարուածութեան աննախադէպ սրման պամաններուն մէջ ինքնազսպում ցուցաբերելու:
Կրահամ. «Իրանի Վերաբերեալ
Որոշումը Տրուեցաւ»
Ամերիկացի հանրապետական ծերակուտական Լինտսի Կրահամ «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ Իրանի վերաբերեալ որոշումը «տրուեցաւ»: «Այս բոլոր նաւերը չեն գար, պարզապէս որովհետեւ տարուան այս ժամանակին օդը գեղեցիկ է», աւելցուց ան:
Ան նշեց, թէ «մենք (Իրանի դէմ) զինուորական քայլի մը կարիքը ունինք»:
Ազդեցիկ ծերակուտականը յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի համատեղ ծրագիր գոյութիւն ունի օգնելու իր ժողովուրդը սպաննելու Իրանի կարողութիւնը տկարացնելու, ինչ որ լաւ լուր պիտի ըլլայ»:
«Իսկական փոփոխութիւնը առանց զոհաբերութիւններու չ՛ըլլար: Այդ է, որ պիտի կատարենք: Կացութիւնը այս կամ այն ձեւով պիտի փոխենք: Օգնութիւնը կը հասնի, եւ իրանցի ժողովուրդին համար իրականութիւն պիտի դառնայ», աւելցուց ան:
«Այժմ զինուորական կարողութիւնը կը կուտակուի: Շրջադարձը շաբաթներ հեռու է, եւ ոչ թէ` ամիսներ: Այս պատճառով ես այստեղ եմ: Այս պատճառով չքնացայ, որովհետեւ կը տեսնես հարցերը ինչպէս կ՛ընթանան, կա՛մ շատ լաւ, կա՛մ ալ չափազանց վատ ձեւով», յայտնեց Կրահամ:
«Երբ նախագահ Տանըլտ Թրամփ իրանցիներուն ըսաւ` «Ցոյցերը շարունակեցէ՛ք, օգնութիւնը կը հասնի», հարցը այնպէս մը վճռեց, որ ընտրանքը շատ յստակ դարձուց: Թրամփ ըսաւ. «Կարիքը ունինք Իրանի մէջ նոր ղեկավարութեան»: Ան հակիրճ կերպով ըսաւ, որ Իրանը անգամ մը եւս մեծ դարձնելու ուղին ժողովուրդը հարցերը իր ձեռքը առնելն է», աւելցուց ամերիկացի քաղաքագէտը:
Կրահամ նաեւ անդրադարձաւ «Իրանի մէջ վարչակարգի տապալման յաջորդող օրուան» եւ նշեց. «Հարցը իրանցի ժողովուրդին ձգուած է: Հարցերը մի՛ կանխէք»:
«Պատմական պահը այս է: Անիկա հասաւ: Յառաջիկայ երեսուն օրուան ընթացքին, եթէ իրանեան թղթածրարին շուրջ լուծումի չհասնինք, կը կարծեմ, որ այս պահը պիտի փախցնենք», նշեց ծերակուտականը: