Նետերլանտցի «Ֆորմիւլա 1»-ի վարորդ Մաքս Վերշթափըն 2026-ի առաջին պաշտօնական փորձերէն ետք (անցեալ շաբաթ) յայտարարեց, թէ Ռետ Պուլ բաւարար արագ չէ, եւ այժմ «Մերսետես»-ի, «Մաքլարեն»-ի եւ «Ֆեռարի»-ի ետին կը գտնուի:
Վերշթափըն Պահրէյնի (Սախիր) մէջ տեղի ունեցած փորձերու պահուն «այլեւս հաճելի չէ» կոչած էր «Ֆորմիւլա 1»-ը, որ արմատական փոփոխութիւններով տեղի պիտի ունենայ: Ինքնաշարժներուն ուժը 50 տոկոսով բաժնուած է վառելանիւթի ու բարդի միջեւ, եւ մրցումի պահուն վարորդները կրնան բարդի օգնութեամբ աւելի արագացնել ինքնաշարժը, որ վերստին կը լեցնէ բարդը ամէն անգամ որ վարորդը արգելակալը (Ֆրեն) գործածէ: «Իրականութեան մէջ այդքան ալ հաճելի չէ այլեւս: Աւելի կը նմանի «Ֆորմիւլա 1»-ի (ելեկտրական ինքնաշարժներու մրցում), ուր բարդի ուժին հաշիւով գործածելը յաղթանակի հիմնական բանալին կրնայ ըլլալ: Ի՞նչ ըսեմ, կարծես «Ֆորմիւլա Ի.» է` աշխուժացնող դեղերով…»: Կատակեց 4 անգամ աշխարհի ախոյեան դարձած Վերշթափըն:
Առաջին կրան փրին, որ տեղի պիտի ունենայ Մելպուռնի մէջ (8 մարտին) շատ դժուար պիտի ըլլայ, մանաւանդ ինքնաշարժին ուժը կառավարելու գծով:
3 օր փորձերէ ետք պէտք է ըսել, որ «Մերսետես»-ի վարորդ Քիմի Անթոնելլի լաւագոյն արդիւնքը ձեռք բերաւ` գերազանցելով Լուիս Համիլթընը («Ֆեռարի») եւ Օսքար Փիասթրին («Մաքլարեն»), մինչ Վերշթափըն գրաւեց 4-րդ դիրքը` իր ետին ձգելով «Ալփին»-ը:
Ամէնէն յուսախաբ ընող խումբը «Ասթոն Մարթին»-ի էր, որ գրեթէ 5 երկվայրկեան ուշ է Անթոնելլիէն:
Նոր միացած խումբեր, «Աուտի» (7-րդ) եւ «Քատիլաք» (10-րդ) գոհ մնացին առաջին շաբթուան փորձերէն:
Նշենք, որ «Ռետ Պուլ» այժմ կը գործածէ «Ֆորտ» ինքնաշարժի մեքենաներ եւ ըստ երեւոյթին նոր օրէնքներուն վրայ արդէն իսկ կ՛աշխատէր երկար ժամանակէ ի վեր: «Ռետ Պուլ» ամէնէն շատ հեռաւորութեան վրայ փորձեր կատարեց եւ առանց մասնաւոր սխալներու, եւ ըստ երեւոյթին «Ֆորտ» լաւ մեքենայ մը հայթայթած է «Ռետ Պուլ»-ին, որուն նախկին մեքենան` «Հոնտա», միացած էր «Ասթոն Մարթին»-ին…
Այս շաբաթ ալ փորձերը պիտի շարունակուին Պահրէյնի մէջ` լաւապէս պատրաստուելու Աւստրալիոյ բացման կրան փրիին (8 մարտ):