Իրանցի Պաշտօնատար Մը «Ժազիրա»-ին. «Խամենէիի Ուաշինկթընի Ուղղուած Վերջին Սպառնալիքի Գործադրութիւնը Գործնական Մակարդակի Վրայ Պատրաստ Է Եւ Հասանելի»

Իրանցի պաշտօնատար մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է. «Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ սէյիտ Ալի Խամենէիի Ուաշինկթընի ուղղուած վերջին սպառնալիքի գործադրութիւնը գործնական գետնի վրայ պատրաստ է եւ հասանելի»:

«Գործնական մարզում տեղի կ՛ունենայ Իրանի վրայ ամերիկեան որեւէ յարձակումի դիմակայման շարք մը բեմագրութիւններու վրայ», նշած է պաշտօնատարը:

Յիշեցնենք, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «միշտ կը կրկնէ` «մեր բանակը աշխարհի վրայ հզօրագոյնն է», սակայն աշխարհի վրայ հզօրագոյն բանակը երբեմն կրնայ ստանալ ապտակ մը, որ զայն անկարող կը դարձնէ իր տեղէն ոտքի կանգնիլ»:

«Անոնք (Միացեալ Նահանգները, «Ա.») տեւաբար կ՛ըսեն, թէ օդանաւակիրներ դէպի Իրան ղրկեցինք: Շատ լաւ, օդանաւակիրը վտանգաւոր է, սակայն անկէ աւելի վտանգաւորը զայն ծովուն յատակը ընկղմելու կարող զէնքն է», յայտնեց Խամենէի:

 

 

Leave a Comment