Թրամփ. «Սէուտական Արաբիոյ Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Վէճով Չզբաղեցայ Եւ Կրնամ Զայն Դիւրութեամբ Լուծել»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Անուղղակի կերպով պիտի մասնակցիմ Իրանի հարցով բանակցութիւններուն, եւ տեսնենք ի՛նչ պիտի պատահի»:

Ան նախագահական օդանաւին մէջ լրագրողներուն յայտնեց. «Իրանը վատ բանակցող է, կը յուսամ խելամիտ կ՛ըլլայ, եւ կը կարծեմ, թէ կ՛ուզէ համաձայնութեան հասնիլ»:

«Կը կարծեմ, թէ խաղաղութեան խորհուրդը պիտի շրջանցէ Կազան, եւ աշխարհի վրայ խաղաղութեան հաստատման վրայ պիտի աշխատի», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

«Իսրայէլ Կազայի մէջ արգիլուած շատ բաներ պիտի վերցնէ, եւ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն ունինք», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Կ՛ուզենք, որ Կազայի Խաղաղութեան խորհուրդը յաջողի, եւ առիթ ունի բացարձակապէս կարեւորագոյն խորհուրդը ըլլալու»:

Պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին` Թրամփ ըսաւ. «Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ վէճով չզբաղեցայ եւ կրնամ զայն դիւրութեամբ լուծել»:

 

Leave a Comment