Խամենէի. «Մեր Հրթիռներուն Տեսակն Ու Հասողութիւնը Ներքին Հարցեր Են, Եւ Միացեալ Նահանգներուն Չեն Վերաբերիր»

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտարարեց. «Մեր հրթիռներուն տեսակն ու հասողութիւնը իրանցի ժողովուրդին առնչուող ներքին հարցեր են, եւ Միացեալ Նահանգներուն չեն վերաբերիր»:

«Առանց զսպիչ զէնքի որեւէ պետութիւն արժանի է իր թշնամիներու ոտքերուն տակ ճզմուելու», աւելցուց ան:

«Ամերիկացիները գիտեն, թէ ապագային իրենց ինչ կը սպասէ, եթէ որեւէ սխալ գործեն», նշեց Խամենէի:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը նաեւ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «միշտ կը կրկնէ` «մեր բանակը աշխարհի վրայ հզօրագոյնն է», սակայն աշխարհի վրայ հզօրագոյն բանակը երբեմն կրնայ ստանալ ապտակ մը, որ զայն անկարող կը դարձնէ իր տեղէն ոտքի կանգնիլ»:

«Անոնք (Միացեալ Նահանգները, «Ա.») տեւաբար կ՛ըսեն, թէ օդանաւակիրներ դէպի Իրան ղրկեցինք: Շատ լաւ, օդանաւակիրը վտանգաւոր է, սակայն անկէ աւելի վտանգաւորը զայն ծովուն յատակը ընկղմելու կարող զէնքն է», յայտնեց Խամենէի:

«Միացեալ Նահանգներու նախագահը իր վերջին յայտարարութիւններէն մէկուն մէջ ըսաւ, թէ Միացեալ Նահանգներ 47 տարիներ չկարողացան Իսլամական Հանրապետութեան վերջ տալ, եւ իր ժողովուրդին այդ մասին գանգատեցաւ, եւ ասիկա լաւ խոստովանութիւն է: Անոր կ՛ըսեմ` դուն եւս պիտի չկարողանաս այդ մէկը կատարել», ըսաւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը:

«Ամերիկեան կողմը կ՛ըսէ, եկէք հիւլէական ուժանիւթին շուրջ բանակցինք, եւ բանակցութիւններուն արդիւնքը ըլլայ այն, որ զայն չունիք: Եթէ իրապէս բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան, ապա անոնց արդիւնքները կանխաւ կարելի չէ ճշդել: Եթէ կ՛ակնկալուի, որ բանակցութիւններ տեղի ունենան, ապա անոնց արդիւնքը կանխաւ ճշդելը սխալ ու անմիտ արարք է», շեշտեց Խամենէի:

 

 

Leave a Comment