«Էն. Պի. Էյ.»-ի վարչութիւնը այս տարի տարբեր ոճի մը դիմած էր «Օլ Սթար»-ի մրցումը կատարելու, ուր 3 տարբեր խումբեր իրար դէմ մրցեցան 12 վայրկեաններու ընթացքին (1 մաս), եւ զտուելէ ետք «Սթարզ» (աստղեր) խումբը 47-21 արդիւնքով պարտութեան մատնեց «Սթրայփս» (գիծեր) խումբը աւարտական մրցումին:
Առաջին մրցումին «Սթարզ» 37-35 արդիւնքով (յետ երկարաձգման) կրցած էր յաղթել միջազգային խումբին: Անթոնի Էտուըրտծ 13 կէտ նշանակած էր ի նպաստ «Սթարզ»-ի, մինչ Վիքթոր Ուեմպանեամա 14 կէտ նշանակած էր ի նպաստ միջազգային խումբին:
Ապա «Սթարզ» մրցեցաւ «Սթրայփս»-ի դէմ, եւ վերջինը 42-40 արդիւնքով յաղթեց: Քէյտ Քանինկհեմ 11 կէտ նշանակեց ի նպաստ «Սթարզ»-ի, իսկ Ճէյլըն Պրաուն 11 կէտ` ի նպաստ «Սթրայփս»-ի:
Երրորդ մրցումին, «Սթրայփս» 48-45 արդիւնքով պարտութեան մատնեց միջազգային աստղերը: Քուայ Լենըտր 31 կէտ նշանակեց ի նպաստ Սթրայփսի, իսկ Ուեմպանեամա` 19 կէտ ի նպաստ միջազգային աստղերուն:
Աւարտականին «Սթարզ» 47-21 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց «Սթրայփս»-ը:
«Սթարզ»-էն Թայրիս Մեքսի (9 կէտ) եւ Անթոնի Էտուըրտծ (8 կէտ), ինչպէս նաեւ Չեթ Հոլմկրեն փայլեցան:
«Սթրայփս»-ի լաւագոյն մարզիկներն էին Տոնավըն Միչել (6 կէտ) եւ Լըպրոն Ճէյմս (5 կէտ): Այս մրցումներէն ետք լաւագոյն մարզիկ ընտրուեցաւ Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզի մարզիկ Անթոնի Էտուըրտծ: