Հայաստանի խառն մարտարուեստի մարզիկ Արթուր Ասոյեան (56.7 քկ) կայծակնային յաղթանակ տարաւ եւ հասաւ Եւրոպայի «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի ախոյեանութեան աւարտական:
21 տարեկան Ասոյեան 14 երկվայրկեանէն նաք-աութի ենթարկեց ուքրանացի Նազար Թարասեւիչը: Մրցումի ազդանշանէն իսկ Ասոյեան առիթ չտուաւ իր մրցակիցին, որ հարուած մը նոյնիսկ հասցնէ` հաստատ քայլերով հասնելով աւարտական:
Ասոյեան կիսաւարտականին նոյնպէս դուրս ձգած էր այլ ուքրանացի մրցակից մը, եւ այժմ իր դէմ պիտի ունենայ ֆրանսացի Թիպօ Տէ Մարինիսը, որ կիսաւարտականին իրաւարարներու որոշումով կրցած էր հասնիլ աւարտական: