Բռնցքամարտ. Վարդան Յարութիւնեան` «Տապըլեու. Պի. Էյ.»-ի Ախոյեան

Անյաղթ հայ բռնցքամարտիկ Վարդան Յարութիւնեան տպաւորիչ ելոյթ մը ունեցաւ «Ար. Սի. Սի. Պոքսինկ Փրոմոշընզ»-ի գլխաւոր երեկոյին:

Յարութիւնեան շատ կարեւոր յաղթանակ մը տարաւ Կիորկի Եունովիտովի դէմ` նուաճելով «Տապըլեու. Պի. Էյ.»-ի «Պրիճըրուէյթ» կշիռի (90,7-101,6 քմ) տիտղոսը:

Յարութիւնեանի համար ասիկա իր ասպարէզի գօտին է արհեստավարժ ասպարէզին մէջ, որ եղաւ համաշխարհային մակարդակով ալ:

12 յաջորդական յաղթանակներէ եւ գօտին նուաճելէ ետք, ան այժմ պատրաստ է մենամարտելու աշխարհի ախոյեաններու դէմ` միացնելով այլ միութիւններու գօտիներ:

 

Leave a Comment