Հայաստանի Դեսպանը Հանդիպում Ունեցաւ Խորհրդարանի Նախագահին Հետ

12 փետրուարին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սարմէն Բաղդասարեան հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հետ:

Հանդիպման ընթացքին դեսպան Բաղդասարեան վերահաստատեց հայկական կողմի յանձնառութիւնը երկկողմանի յարաբերութիւններու խորացման հարցին մէջ:

Պըրրի շնորհաւորեց դեսպան Բաղդասարեանը իր պաշտօնին ստանձնման առիթով: Երկուստեք կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ խորհրդարանական երկկողմանի յարաբերութիւնները յառաջ մղելու անհրաժեշտութիւնը:

 

Leave a Comment