Պու Սաապ. «Ընտրական Օրէնքին Մէջ Բաց Գոյութիւն Ունի, Եւ Ընտրութիւնները Չեն Կրնար Կատարուիլ Գոյութիւն Ունեցող Խոչընդոտներով

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ նշեց, որ ընտրական օրէնքին մէջ բաց գոյութիւն ունի, պէտք է լիբանանցի ժողովուրդին նկատմամբ անկեղծ գտնուինք, եւ բոլոր տեղի ունեցողները խոչընդոտներ են, իսկ լուծումը միատեղուիլ ու փոխհասկացողութիւն գոյացնելն է:

Խորհրդարանի փոխնախագահը «Էմ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Ընտրութիւնները չեն կրնար կայանալ գոյութիւն ունեցող խոչընդոտներով, եւ քաղաքական ուժերէն ոչ մէկը կը յանդգնի ըսել` «եկէ՛ք (խորհրդարանի նստաշրջանը) երկարաձգենք»:

«Լուծումը քաղաքական փոխադարձ հասկացողութեան մէջ է: Ընտրական օրէնքը բոլոր լիբանանցիներուն կը վերաբերի, եւ պէտք է Թաէֆի սահմանադրութիւնը ամբողջութեամբ գործադրենք»:

Leave a Comment