«Էմ.Էմ.Էյ.» Ռաֆիկ Ալեքսանեան Պարտութեան Մատնեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցը Եւ Հասաւ Կիսաւարտական

Հայ «Էմ. Էմ.Էյ.»-ի մարտիկ Ռաֆիկ Ալեքսանեան (61.2 քկ) վստահ յաղթանակ արձանագրեց «Էմ. Էմ.Էյ.»-ի Եւրոպայի 2026-ի տարիքային ախոյեանութեան քառորդ աւարտականին` ազրպէյճանցի Քանան Ալիեւի դէմ մրցումին (30-27), եւ հասաւ կիսաւարտական:

«Առիւծի սիրտ» ակումբը ներկայացնող Ալեքսանեան ամբողջովին տիրապետեց իր մրցակիցին վրայ եւ երեք ռաունտերէն ետք գերազանցեց թէ՛ կանգնած դիրքին վրայ, թէ՛ գորգին վրայ` կասկածի առիթ չտալով իրաւարարներուն, որոնք յաղթանակը շնորհեցին հայ մարտիկին:

Աւելի կանուխ Ռաֆիկ Ալեքսանեան դուրս ձգած էր Անգլիոյ եւ Սլովաքիոյ ներկայացուցիչները:

Այժմ Ռաֆիկ Ալեքսանեան պիտի մրցի իտալացի Մասիմիլիանօ Մացցայի դէմ:

Նշենք, թէ «Էմ.Էմ.Էյ.»-ի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ Պելկրատի (Սերպիա) մէջ եւ կը տեւէ մինչեւ 15 փետրուար:

Leave a Comment