Ուու Շու. Արսէն Բաղրեան Միջազգային Ճանաչումի Արժանացաւ

Հայ մարզիկ Արսէն Բաղրեան արժանացաւ միջազգային հեղինակաւոր ճանաչման: Միջազգային Ուուշուի ֆետերասիոնը զինք ընտրեց 2025-ի լաւագոյն մարզիկ` ընդգծելով թէ՛ անոր մարզական նուաճումները, թէ՛ անձնական որակները:

«Այ. Տապըլեու. Եու. Էֆ.»-ի (միջազգային Ուուշուի ֆետերասիոն) յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Արսէն Բաղրեան կը նկատուի Հայաստանի ամէնէն ուժեղ մարզիկներէն մէկը` իր բացառիկ ֆիզիքական տուեալներով, բարձր կարգապահութեամբ եւ օրինակելի մարդկային յատկանիշներով: Ան կանուխ տարիքէն զբաղած է ուուշուով` իր ասպարէզի ընթացքին բազմիցս շահելով Հայաստանի ախոյեանութիւնը, ինչպէս նաեւ պատուաբեր արդիւնքներ արձանագրելով եւրոպական եւ միջազգային մրցաշարքերուն:

Ան աշխարհի 17-րդ ախոյեանութեան պրոնզէ մետալը շահած էր 60 քկ. կշիռին:

Ան 2025-ին շահած է Եւրոպայի ախոյեանութիւնը, բան մը, որ ինքնաբերաբար լաւագոյն մարզիկի ընտրութեան գլխաւոր պատճառներէն մէկն էր:

 

Leave a Comment