Պաքուի դատավճիռներէն այլ բան ակնկալելը քաղաքական պարզամտութեամբ թարգմանելի կ՛ըլլար: Կեղծ դատավարութեան մը բեմականացումը, որուն նպատակը նախ եւ առաջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը յարձակողապաշտ, Արցախի ղեկավարութիւնը անջատողականներ, Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ գործողութիւններ կատարածներ, ցեղային զտում գործադրածներ եւ նման յերիւրածոյ մեղադրանքներ դատավճիռի վերածելն էր:
Քարոզչաքաղաքական այս կեղծ դատավարութեան վճիռներուն պահու ընտրութիւնը ուշագրաւ էր: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Հայաստանի վարչապետին հետ համատեղ խաղաղութեան մրցանակ ստանալէն օր մը ետք Ալիեւի հրամանով վճիռները կ՛արձակուէին: Միջազգային հանրութեան առջեւ խաղաղութեան դափնեկիրը այսպիսով կը փորձէր շրջել այն բոլոր իրաւ ամբաստանութիւնները, որոնք իր պետութեան դէմ կային: Խաղաղութեան մրցանակակիր կը դառնար ահաբեկչութեան պետութեան ղեկավարը: Այն պետութեան, որուն իրերայաջորդ կառավարութիւններուն օրերուն Սումկայիթէն, Պաքուէն եւ Գանձակէն մինչեւ արցախեան տարածքի տարբեր շրջաններ կիրարկուեցան ցեղասպանական արարքներ, բնաջնջուեցան հոգեւոր-մշակութային ժառանգութիւններ, շրջափակուեցաւ ամբողջ Արցախը, սովամահութեան ենթարկուեցաւ համայն բնակչութիւնը, կատարուեցան առեւանգումներ, անզէն բնակչութեան անդամահատումներ եւ բռնատեղահանումներ: Առընթեր` կացինահարումներով ամէնէն զազրելի ոճրագործութիւն կատարածներու հերոսացումներ:
Հիմա աւելի կը բացատրուին Պաքուի պնդումները ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը լուծարելու: Արցախի ղեկավարութիւնը, որ կը ներկայացուի իբրեւ անջատողական խմբակ, ոչ միայն Ազրպէյճանի քաղաքացիութիւն չունէր, այլ նաեւ ԵԱՀԿ-ի միջնորդութեամբ կը բանակցէր Պաքուի իշխանութիւններուն հետ դարձեալ ԵԱՀԿ-ի կողմէ հռչակագիրով ամրագրուած ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ: Երեւանը աճապարեց եւ տեղի տուաւ Պաքուի ճնշումներուն, առանց այս հարցերը յստակացնելու:
Նման դատավճիռներով Պաքուն կ՛ուզէ մաքրել իր ահաբեկչական-ցեղասպանական վարքագիծը եւ պահուըտելով անոնց ետին, խաղալ խաղաղատենչութեան կեղծ խաղը: Պարզ է, որ միջազգային ընտանիքն ու խաղաղութեան մրցանակներ շնորհողները իրազեկ են ցեղասպանական քաղաքականութեան բոլոր փուլերուն եւ ծալքերուն: Անոնք ալ իրենց հերթին, կը ժխտեն ու կ՛ուրանան միջազգային իրաւունքի կարեւորագոյն սկզբունքներէն ինքնորոշման իրաւունքը, բռնատիրութենէն ազատագրուելու մարդու իրաւունքները: Չեն ուզեր արծարծել վերադարձի իրաւունքը, չեն ուզեր տեսնել ամբողջ քաղաքակրթութեան մը բնաջնջումի հետեւողական ճիգերը: Կամովին այդ անտեսումը, գերքաղաքականացուած գնահատականներն ու ընդհանրապէս իրողութիւններու ժխտողական այս ալիքը հասած են նաեւ կրօնական կեդրոններ, ուրկէ կը յայտարարուին նոյն իրականութիւնը շրջող բնութագրումներ` յոյսի սերմնացան որակելով Պաքուի առաջնորդը:
Իրականութեան ժխտումի եւ շրջումի այս քաղաքականութեան հիմնովին կը նպաստէ Տաւոսի թէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ ահաբեկչական պետութեան ներկայացուցիչին կողքին կանգնիլն ու այդ ամբողջ ոճրային թղթածրարին բաժիններուն առանց անդրադառնալու, խաղաղութեան կերտումի հաւասար բաժնեմաս վերցնելը:
Խաղաղութեան գնացքը չի կրնար մեկնարկել, եթէ `
Ա. Արցախի ղեկավարութիւնն ու ռազմագերիները անմիջապէս ազատ չարձակուին,
Բ. ազրպէյճանական զօրքերը չհեռանան հայաստանեան ինքնիշխան տարածքներէն,
Գ. չիրագործուի Արցախի ժողովուրդին հաւաքական վերադարձի իրաւունքը,
Դ. չդադրին Արցախի քաղաքակրթական ժառանգութեան ոչնչացման արշաւները:
Այլապէս, ահաբեկչական պետութիւնը պիտի շարունակէ միեւնոյն վարքագիծը, այս անգամ «խաղաղասիրական» օրակարգով։Նաեւ՝ նման դատավճիռներով։