Օվերչուք. «Երեւանը Պէտք Է Հաշուի Առնէ, Թէ Եւրոպական Միութիւնը Տնտեսական Միութենէն Ռազմաքաղաքականի Կը Վերածուի»

Եւրոպական Միութեան հաւանական անդամակցութեան որոշումը հայ ժողովուրդի ընտրութիւնն է, սակայն Երեւանը պէտք է հաշուի առնէ էութեան փոփոխութիւնները Եւրոպական Միութեան, որ տնտեսական միութենէն ռազմաքաղաքականի կը վերածուի: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք:

«Եթէ օր մը անոնք պաշտօնապէս սկսին նման բանակցութիւններ, ապա այդ բանակցութիւնները պիտի տեւեն շատ երկար տարիներ: Եւ անհրաժեշտ պիտի ըլլայ, ի հարկէ, նայիլ բուն Եւրոպական Միութեան ընթացքին, թէ ինչին անիկա կը վերածուի: Եւ այստեղ, այդ շարքին, ի հարկէ, պէտք է տեսնել եւ հետեւիլ այն յայտարարութիւններուն, որոնք այսօր կը հնչեն Եւրոպական յանձնաժողովէն, Պրիւքսելէն, իսկ անոնք կապուած են այն բանի հետ, որ Եւրոպական Միութիւնը տնտեսական միութենէն կը վերածուի ռազմաքաղաքական միութեան: Ասիկա նոյնպէս պէտք է հաշուի առնել: Եւ Եւրոպական միութեան բովանդակութիւնը կը փոխուի մեր աչքին առջեւ:

«Արդեօք հայերը պատրա՞ստ են միանալու ռազմաքաղաքական միութեան, որ այսօր շատ յարձակողապաշտ տրամադրուած է Ռուսիոյ նկատմամբ: Կ՛երեւի հայերը նաեւ իրենք իրենց նման հարցում ուղղեն: Ամէն պարագայի, ի հարկէ, այդ մասին նոյնպէս բազմիցս ըսուած է, որ այս կամ այն համարկման միաւորման օգտին ընտրութիւնը միշտ հայ ժողովուրդի ընտրութիւնն է:

«Եւ այստեղ ակնյայտ է, որ որոշ որոշումներ որոշ պահու պէտք է տրուին, որովհետեւ, իրօք, այդ մասին նոյնպէս շատ խօսուած է, թէ՛ մեր մօտ, թէ՛ Հայաստանի մէջ Նիկոլ Վովայեւիչը խօսած է այդ մասին. բոլորը կը հասկնան, որ Հայաստանը միեւնոյն ժամանակ երկու համարկման միաւորումներու մէջ չի կրնար ըլլալ:

«Ուստի, եթէ որոշ ժամանակի նման ընտրութիւն կատարուի, ապա այդ ընտրութիւնը պիտի ունենայ համալիր բնոյթ` հաշուի առնելով այն ընթացքը, որ այսօր մենք կը տեսնենք Եւրոպական Միութեան էութեան փոփոխութեան մէջ», եզրափակած է Օվերչուք:

 

Leave a Comment