Յայտարարութիւններ (5 Փետրուար 2026) – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՏԻԿԻՆ ՄԱԿԻ ՄՂՏԵՍԵԱՆ-ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ ՀԱՐԻՒՐ ՀԱԶԱՐ ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՆՈՒԻՐԷ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ

Ուրախութեամբ Կը ծանուցենք, որ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի գահակալութեան  30-ամեակի բարեբաստիկ առիթով, տիկին Մակի Մղտեսեան-Սողոմոնեան, 100,000 $  (հարիւր հազար ամերիկեան տոլար) կը նուիրէ լիբանանահայ ազգային վարժարաններուն:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

———————

 

————————————–

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Ռիթա Ազուրի-Եօղուրթճեան
Տիար Ճոնի Եօղուրթճեան
Տիար Աւագ Եօղուրթճեան
Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Այտա Եօղուրթճեան եւ զաւակունք
Տիար Վաչէ Եօղուրթճեան
Տիկին Ազատուհի Պոյաճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Եուսեֆ եւ Հայկան Ասաքեր եւ զաւակունք
Օրիորդ Արշօ Եօղուրթճեան
Տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Անժել Քէօրիւքեան եւ զաւակունք
Տիկին Շաքէ Քէօրիւքեան եւ զաւակունք
Օրիորդ Անահիտ Քէօրիւքեան
Տիկին Արաքսի Գոճայեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սարգիս Մատաղճեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Ռազմիկ եւ Թալին Եահնէեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ֆատի եւ Մարիա Պասիլ եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Էլիաս Սարուժ
Տէր եւ տիկին Ժաք Քաթթար
Եօղուրթճեան եւ Ազուրի ընտանիքներ
Պոյաճեան եւ Ասաքեր ընտանիքներ
Քէօրիւքեան եւ Գոճայեան ընտանիքներ
Մատաղճեան եւ Եահնէեան ընտանիքներ
Պասիլ եւ Սարուժ ընտանիքներ
Քաթթար ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`

ԱՒԱԳ ԱԲՐԱՀԱՄ ԵՕՂՈՒՐԹՃԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 3 փետրուար  2026-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` հինգշաբթի, 5 փետրուարին,   կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն առաջ եւ վերջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Մար Եուսեֆ եկեղեցւոյ սրահին մէջ (Պուրճ Համուտ):  Ինչպէս նաեւ ուրբաթ, 6 փետրուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:

————————————–

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ՄԱՍԻՍ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 8 փետրուար 2026-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

————————————–

ՄԱՐԱՇԻ ԱՂԷՏԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒՄ

Սիրելի՛ հայրենակից,

Լիբանանի Մարաշի հայրենակցական միութիւնը պիտի յիշատակէ Մարաշի աղէտին 106-րդ տարելիցը:

Նոր Մարաշի հայ երեք յարանուանութեանց եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենան Ս. պատարագ, պաշտամունք եւ հոգեհանգստեան պաշտօններ, կիրակի, 8 փետրուար 2026-ին, մարաշցի հին եւ նոր ննջեցեալ հայրենակիցներու հոգիներուն համար:

Կը հրաւիրենք ձեզ բոլորդ` ներկայ գտնուելու վերոյիշեալ եկեղեցական արարողութիւններուն, յարգելու համար խնկելի յիշատակը մեր ննջեցեալներուն:

Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի Յաւարտ Ս. պատարագի
Ս. Փրկիչ եկեղեցի ժամը 10:00-ին
Հայ աւետարանական եկեղեցի ժամը 10:30-ին

Յաւարտ եկեղեցական արարողութեանց, յարգելու համար մեր նահատակներուն յիշատակը, բոլոր հայրենակիցները հրաւիրուած են միութեանս սրահը` «Գերմանիկ» կեդրոն, ուր պիտի մատուցուի հոգեսուրճ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԱՐԱՇԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

————————————–

ՆՈՐԱՇԷՆԻ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ

Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, հինգշաբթի, 12 փետրուար 2026-ին, Նորաշէնի Սրբող Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ սուրբ եւ անմահ պատարագ եւ պիտի կատարուի աւանդական մատաղօրհնէք:

Այն ուխտաւոր հաւատացեալները, որոնք կը փափաքին մատաղցու ոչխար նուիրել (ԱՐՈՒ ոչխար) կամ փոխան ոչխարի նուիրատուութիւն կատարել, թող բարեհաճին անձամբ դիմել թաղական խորհուրդի գրասենեակ կամ հեռաձայնել 01-242593 եւ 03-763769 թիւերուն:

ԾԱՆՕԹ.- Բարեհաճեցէ՛ք ոչխարները եկեղեցի հասցնել առաւելագոյնը մինչեւ 8 փետրուար, առաւօտեան ժամը 7:00:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

————————————–

ՀԲԸՄ-ԼԻԲԱՆԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՄԻՋԻՆՔԻ ՃԱՇ

ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 11 ՄԱՐՏ 2026

 

Leave a Comment