«Կը մտածէի, թէ ո՞ւր կրնամ երթալ ուսումս շարունակելու եւ աշխատելու համար. այնպէս դասաւորուեցաւ, որ ուղղակի եկայ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի (ՀԱՀ) հանրակացարան»,— կը պատմէ Մարի Ալիք Գարամանուկեանը իր փորձառութեան մասին:
2016 թուականին Մարի Ալիքը տեղափոխուած է Հայաստան՝ որպէս մագիստրոսական ծրագիրի ուսանող, եւ որոշած է հաստատուիլ հոս: Թէեւ ան ընտանիքին միակ զաւակն էր, սակայն հայրը միշտ քաջալերած է զինք, որ իր սեփական ուղին գծէ: Մարի Ալիքին ծնողքը մինչ օրս կը շարունակեն ապրիլ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ: Ան ընդամէնը ամիս մը առաջ գացած էր Հալէպ՝ ծնողքին հետ տօնական օրերը անցընելու նպատակով, երբ հոն վերսկսած էին ռմբակոծումները:
Հայաստան հաստատուելու սկզբնական շրջանին, ան հանրակացարանին մէջ երեկոյ մը կազմակերպած էր՝ Հայաստանի տարբեր շրջաններէն եկած աղջիկներուն հետ ծանօթանալու նպատակով: Այդ օրը զինք շատ զարմացուցած էր տեղացիներու խօսակցութեան մէջ յաճախակի գործածուող «այս ինչին հետ շփուած եմ» արտայայտութիւնը: Արեւմտահայերէնի մէջ «շփում» բառը ունի ֆիզիքական հպումի իմաստ, այլ ոչ թէ պարզապէս հաղորդակցելու կամ ծանօթ ըլլալու:
Թէեւ ընդհանուր առմամբ ծանօթ էր արեւելահայերէնի բառապաշարին (քանի որ իր դաշնամուրի ուսուցչուհին արեւելահայ էր), սակայն կեանքի թելադրած նոր պայմանները իրենց դժուարութիւնները ունէին: Մարի Ալիքը անկեղծօրէն կը խոստովանի. «Ո՛չ Սուրիոյ մէջ տեղացի եմ, ո՛չ ալ Հայաստանի մէջ»:
Հարցումին, թէ արդեօք տարիները կը փոխե՞ն այդ զգացողութիւնը, ան կը պատասխանէ, թէ մարդ պէտք է ինքնաշխատութեամբ ընտելանայ եւ վարժուի տեղւոյն կենցաղին: Ըստ Մարի Ալիքի՝ կարեւոր է գիտնալ, թէ մարդ ի՞նչ պատրաստ է զոհելու իր նպատակին հասնելու համար: «Կը կարծեմ, որ ամէն մարդ իր տան մէջ ապահով կը զգայ»,— կըսէ ան:
Ժամանակի ընթացքին ան յաջողած է բազմաթիւ դժուարութիւններ յաղթահարել, սակայն բժիշկներուն լեզուն ու բացատրութիւնները մինչեւ հիմա ալ անհասկնալի կը մնան իրեն համար: Մարի Ալիքը կը փափաքի, որ Հայաստանի մէջ մարդիկ աւելի դրական ըլլան ու գնահատեն իրենց ունեցածը.
«Կ՛ուզէի, որ հայաստանցին աւելի դրական մտածէր եւ աւելի ուրախ ըլլար: Մարդիկ պէտք է գնահատեն իրենց ունեցածը եւ գոհունակ ըլլան, որպէսզի կեանքը դիւրանայ»: