Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Իսրայէլ շաբաթ օր հասցուցած է ամէնէն ուժեղ հարուածներէն մէկը Կազային հոկտեմբերեան զինադադարէն ի վեր: Կայ աւելի քան 30 զոհ, յայտնած են պաղեստինեան առողջապահական համակարգի ներկայացուցիչները:

Իսրայէլցի զինուորականները յայտարարած են, որ ատիկա պատասխան է մէկ օր առաջ տեղի ունեցած զինադադարի խախտման: Իսրայէլի բանակին համաձայն` յարձակման թիրախը եղած են հրամանատարները, զէնքի պահեստները եւ արտադրական տարածքները, որոնք կը պատկանին պաղեստինեան «Համաս» խմբաւորումին եւ անոր դաշնակից Իսլամական ժիհատին:

Արեւմուտքի կողմէ ահաբեկչական ճանչցուած «Համաս»-ը կը պնդէ, որ Իսրայէլ խախտած է զինադադարը:

Կիրակի օրը Իսրայէլ պէտք է վերաբանար Կազայի հատուածի եւ Եգիպտոսի միջեւ Ռաֆահ սահմանային անցակէտը` համաձայն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` պատերազմը դադրեցնելու ծրագիրին: Սակայն, յայտնի չէ, թէ արդեօք ատիկա պիտի իրականանայ:

Այս ամիսներուն զինադադարի դրութիւնը բազմիցս խախտուած է:

Կազայի վերաբերեալ Թրամփի ծրագիրի յաջորդ փուլը կը նախատեսէ բարդ հարցերու լուծում, ինչպիսիք են «Համաս»-ի զինաթափումը, որ խմբաւորումը երկար ժամանակէ ի վեր կը մերժէր, Իսրայէլի հետագայ հեռացումը Կազայէն եւ միջազգային խաղաղապահ ուժերու տեղակայումը:

 

Leave a Comment