«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

«Ազդակ»-ի 83-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 29 յունուար 2026-ին Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին: Դասախօսն էր Ուեպսթըր եւ Ժընեւի համալսարանի դասախօս, միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ դոկտ. Վիգէն Չթըրեան: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

Դասախօսութեան նիւթը «Կոտրուած վահան» հատորի ներկայացումն էր: Հատորին բովանդակութիւնը կը վերաբերէր Արցախի վերջին պատերազմին փորձագիտական խումբի աշխատասիրութեան: Պատերազմի ծալքերուն, պատճառներուն եւ հետեւանքներուն ընդհանուր առանցքին մասին խօսեցաւ դոկտ. Չթըրեան` ներկայացնելով տարբեր դիտանկիւններ ու մասնագիտական մօտեցումներ: Ան նշեց, որ բաւարար չէ միայն դիւանագիտական աշխատանքներու ծանօթացումը` միջազգային յարաբերութիւններու լոյսին տակ, այլ ռազմական ոլորտի ուսումնասիրութիւնը անհրաժեշտ է` ռազմական սպառազինութեան, ընդհանրապէս տնտեսութեան եւ յատկապէս տնտեսական ներդրումներու ծաւալները համեմատելով Ազրպէյճանի հետ եւ գնահատելով ուժերու հաւասարակշռութեան հիմնական խախտումները:

Հատորին մէջ Ազրպէյճանի քաղաքական համակարգի հոլովոյթը ներկայացուած է իբրեւ այս պատերազմի արդիւնքներուն վրայ ազդած գործօն` իշխանութեան կեդրոնացումի փաստերը արձանագրելով: Դասախօսը կարեւոր նկատեց Ազրպէյճանի մէջ արձանագրուած տարբեր ուղղութիւններով զարգացումները:

Հատորը կը բովանդակէ նաեւ հայ ռազմական ակադեմիային մէջ ներկայացուած ռազմագիտական ուսումնասիրութիւնները, բանակի բարեկարգումին առջեւ ցցուած խնդիրները:

Դոկտ. Չթըրեան հիմնականին մէջ փոխանցեց հատորին մէջ ներկայացուած բազմակողմանի, մասնագիտական եւ առարկայական վերլուծումները, որոնք նպաստած են պատերազմի ծալքերուն իրազեկ դառնալու առաջադրանքին:

«Այս ուսումնասիրութեան հիման վրայ պէտք է շարունակել քննարկումները` կարենալ սրբագրելու համար մեր բացթողումները», եզրակացուց դասախօսը` շեշտելով, որ այս հատորը, ի տարբերութիւն նման ուսումնասիրութիւններու, նախ հրատարակուեցաւ հայերէնով, ապա կը թարգմանուի անգլերէնի: Այս աշխատանքը  նախաձեռնութիւնն է դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի եւ դոկտ. Վիգէն Չթըրեանի: Ըստ դոկտ. Չթըրեանի, կ՛ակնկալուէր, որ Հայաստանի մտաւորականութիւնը նախաձեռնէր նման աշխատանքի մը:

Նկատելի էին «Ազդակ»-ի լսարանականներուն նիւթին նկատմամբ ունեցած հետաքրքրութիւնն ու թեմային ուղղութեամբ փոխանցած տեսակէտներուն եւ հարցումներուն ճամբով անոնց իրազեկութիւնը:

Յանձնարարելի է դիտել այս տարուան առաջին լսարանը, որ տեղադրուած է «Ազդակ»-ի եութիուպեան ալիքին վրայ: https://www.youtube.com/watch?v=pb7cPQZtdBw

 

Leave a Comment