Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Դարձի Առաջին Մրցումը` 7 Փետրուարին

7 փետրուարին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղոց ֆութպոլի խումբը պիտի սկսի Գ. դասակարգի իր դարձի մրցումներուն, ուր 7 վճռական մրցումներ ունի կատարելիք:

15 օրուան դադարը շատ կարեւոր է վերստին ուսումնասիրելու խումբին մրցակիցները, անոնց մարզիկները, խաղաոճը, անոնց յաղթելու ձեւը, տկար եւ զօրաւոր գիծերը եւ կէտերը:

Տեսանք 7 մրցակիցները եւ գիտենք, որ բոլորին ալ կրնանք յաղթել, եթէ… ճիշդ խաղանք, լաւ խաղանք, պայքարինք, նուազագոյն սխալները կատարենք, առիթներէն օգտուինք: Եթէ այս բոլորը կատարենք, Բ. դասակարգի ճամբան բաց կը թուի ըլլալ, Ճիշդ է, որ 3 խմբակներ կան Գ. դասակարգին մէջ, եւ այդ խմբակներէն լաւագոյն 2 խումբերը իրար դէմ պիտի մրցին ֆայնըլ 6-ի դրութեամբ, որոնցմէ լաւագոյն 2-ը պիտի բարձրանան Բ. դասակարգ, բայց պէտք է ըսել, որ միւս 2 խմբակներու խումբերը նոյնքան մակարդակ չունին, որքան Բ. խմբակը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ:

Յոյսով, որ մարզիչներու խմբակն ալ լաւ կ՛աշխատի, տղոց լաւ ձեւով կը պատրաստէ, որպէսզի մնացեալ մրցումներուն աւելի եւս ներդաշնակ ֆութպոլով սկսինք դարձի արշաւը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հրապարակած յայտագիրը, որ անշուշտ ամէն շաբաթ կրնայ փոփոխութեան ենթարկուիլ:

8-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ (դարձի առաջին)
Շաբաթ, 7 փետրուար – Թաուֆիր – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ (Նըժմէի դաշտ)

9-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
Կիրակի, 15 փետրուար – Իժթիմահի – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ (Թրիփոլիի դաշտ)

10-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
Կիրակի, 22 փետրուար – Ժալիլ Քանա – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ («Ապպաս Նասեր» դաշտ)

11-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
Շաբաթ, 28 փետրուար – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Հարաքէթ Շապապ (Սաֆայի դաշտ)

12-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
Շաբաթ, 7 մարտ – Ղատ Աֆտալ – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ (Պհամտունի դաշտ)

13-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
Ուրբաթ, 13 մարտ – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ահլի Սայտա (Սաֆայի դաշտ)

14-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
Շաբաթ, 28 մարտ – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Հորր Ամելի (Սաֆայի դաշտ)

Նշենք, որ բոլոր մրցումներն ալ տեղի կ՛ունենան ժամը 14:15-ին:

 

Leave a Comment