Թեհրան. «Եթէ Որեւէ Յարձակումի Ենթարկուինք, Իրանի Հակադարձութիւնը Պիտի Ըլլայ Համապարփակ»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու կարգ մը քաղաքներուն մէջ ցոյցերու բռնաճնշումը մարդու իրաւունքներու բացայայտ խախտում է:

Նախարարութիւնը նշեց, որ Իրան կը դիմագրաւէ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կողմէ խառնածին պատերազմ մը, որուն նպատակը շրջանի անվտանգութեան քայքայումն է:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց, որ Իրանի վրայ որեւէ յարձակում պիտի արժանանայ իրանեան համապարփակ ու ցաւ պատճառող հակադարձութեան` շեշտելով, որ Իրան այսօր անցեալէն աւելի կարող դարձած է:

Անդրադառնալով միջազգային հարցերու` նախարարութիւնը ըսաւ, թէ Չինաստանի եւ Ռուսիոյ հետ Թեհրանի յարաբերութիւնները հիմնուած են փոխադարձ յարգանքի վրայ, եւ նշեալ երկու երկիրներուն հետ կան երկարատեւ համաձայնութիւններ, որոնք աշխուժ կերպով յառաջ պիտի ընթանան:

Նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ հաղորդակցութիւնը կը շարունակուի Վիեննայի մէջ իրանցի ներկայացուցիչներու ճամբով:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը զգուշացուց, որ Եւրոպական խորհրդարանի Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը ահաբեկչական կազմակերպութիւն որակելը պիտի ունենայ ծանր հետեւանքներ` նշելով, որ միջազգային օրէնքները չյարգելը պատճառ դարձաւ, որ այսօր եւրոպական պետութիւններէն մէկը իր գերիշխանութեան դէմ սպառնալիքի առջեւ կանգնի:

Անդրադառնալով շրջանային թղթածրարին` Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծեց, որ պիտի չընդունի որեւէ քայլ, որ պաղեստինցիները կը զրկէ իրենց ինքնորոշման իրաւունքէն:

Նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ Թեհրանի եւ Պաղտատի մերձեցումը կը մտահոգէ Միացեալ Նահանգները` աւելցնելով, որ Իրաքը միայն կրնայ իր ճակատագիրը որոշել:

 

Leave a Comment