Յարութ, Յասմիկ Եւ Հուրի Սողոմոնեաններ 1.300.000 Ամերիկեան Տոլար Կը Նուիրեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

Խոր գոհունակութեամբ կը յայտնենք, թէ Յարութ, Յասմիկ եւ Հուրի Սողոմոնեաններ, ի յիշատակ իրենց եղբօր` ազգային բարերար Հրայր Սողոմոնեանի, 1.300.000 (մէկ միլիոն երեք հարիւր հազար) ամերիկեան տոլար նուիրեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան:

Վերոնշեալ գումարին մէկ միլիոն տոլարը անցեալ տարի փոխանցուեցաւ կաթողիկոսարան` յարգելով հանգուցեալ Հրայրի կտակը, իսկ երեք հարիւր հազար տոլարը` վերջերս, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կատարած այցելութեան առիթով: Վերոյիշեալ երկու գումարները մաս պիտի կազմեն կաթողիկոսարանի հիմնադրամներու շարքին` իբրեւ «Հրայր Սողոմոնեան դպրեվանքի հիմնադրամ»:

Վեհափառ հայրապետը իր օրհնութիւնը եւ բարձր գնահատանքը կը յայտնէ հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն, եւ կ՛աղօթէ առ բարձրեալն Աստուած, որ հանգուցեալ Հրայր Սողոմոնեանի հոգին ընդունի երկնային թագաւորութեան մէջ:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

23 յունուար 2026
Անթիլիաս, Լիբանան

Leave a Comment