Հայ ըմբիշ Վազգէն Թեւանեան իր երկրորդ յաղթանակը տարաւ Հնդկաստանի «Փրօ Ռեսլինկ լիկ»-ի (արհեստավարժ ըմբշամարտի ախոյեանութեան) մրցումներուն:
Հնդկաստանի Նոյտա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ախոյեանութեան, «Ափ Տոմինէյթըրզ» խումբին դէմ մենամարտին, «Մահարաշթրա Քեսարի» խումբի ըմբիշ Թեւանեան 4-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Վիշալ Քալի Ռամանանին` իր խումբին օգնելով, որ 5-4 արդիւնքով յաղթէ:
«Ափ Տոմինէյթըրզ»-ի մարզիկ Արման Անդրէասեան այս ճակատումներուն չմասնակցեցաւ:
Նշենք, որ Թեւանեան առաջին հանգրուանին կարեւոր յաղթանակ արձանագրած էր ազրպէյճանցի ըմբիշ Ալի Ռահիմզատէի դէմ` իր խումբին կարեւոր կէտեր շնորհելով: