«Չեմփիընզ Լիկ». Լիվըրփուլ Եւ Պայերն Միւնիխ Դիւրին, Իսկ Պարսելոնա Դժուար Յաղթանակներ Արձանագրեցին

«Չեմփիընզ լիկ»-ի առաջին հանգրուանի 7-րդ եւ նախավերջին շաբթուան մրցումներու երկրորդ օրուան խաղերուն, Լիվըրփուլ 3-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Մարսէյի դաշտէն, Պայերն Միւնիխ 2-0 արդիւնքով «բնական» յաղթանակ արձանագրեց պելճիքացի Սենթ Ժիլուազ ակումբին դէմ, մինչ Պարսելոնա 1-0 արդիւնքով ետ մնալէ ետք Սլաւիա Փրակայի դաշտին վրայ միայն վերջին 27 վայրկեաններուն կրցաւ յաղթել Չեխիոյ մէջ:

Լիվըրփուլ մրցումի սկիզբէն լուրջ յարձակումներով ճնշեց Մարսէյի «Վելոտրոմ» դաշտին վրայ եւ 23-րդ վայրկեանին կոլ ալ նշանակեց ֆրանսացի Ուկօ Էքիթիքէի շնորհիւ, բայց «ՎԱՐ»-ը փրկեց օֆսայտի պատճառով:

Կիսախաղի սուլիչէն քիչ մը առաջ Տոմինիք Սոպոսլայ ազատ հարուածով բացաւ մրցումին հաշիւը:

Բ. կիսախաղին Մարսէյ փորձեց փոխադարձել եւ Մէյսըն Կրինվուտ ոսկի առիթ մը կորսնցուց, երբ Լիվըրփուլի բերդապահը փրկեց կացութիւնը:

Քանի մը վայրկեան ետք, Էքիթիքէի հարուածը զսպեց…. Մարսէյի բերդի աջ սիւնը: Յարձակումները փոխադարձ եղան եւ առիթներն ալ շարունակուեցան մինչեւ 72-րդ վայրկեան, երբ Մարսէյի բերդապահ Ժերոնիմօ Ռոզի սխալմամբ նշանակեց Լիվըրփուլի երկրորդ կոլը, երբ գնդակը իրեն դպնալէ ետք նշանակուեցաւ իր բերդին մէջ:

93-րդ վայրկեանին Լիըրփուլ նշանակեց «զուտ նետերլանտական» կոլ մը, երբ Քոտի Կաքփօ փոխանցում մը ստանալէ ետք Ռայան Կրավենպերխէն, նշանակեց «կարմիրներուն» 3-րդ կոլը:

Պայերն Միւնիխ պատմական արդիւնք արձանագրեց տօնելով «Չեմփիընզ լիկ»-ի իր 250-րդ յաղթանակը: Առաջին կիսախաղը «անհամ» 0-0 արդիւնքով աւարտելէ ետք Վենսան Քոմփանիի մարզած Պայերնը շատ աւելի լաւ խաղցաւ, ուր Հերի Քէյն բացաւ մրցումին հաշիւը Մայքըլ Օլիսէի քոռնըրէն ետք: Վայրկեաններ ետք փենալթի մը Քէյնի վրայ եւ նոյնինքն Քէյն նշանակեց երկրորդ կոլը: 63-րդ վայրկեանին Քիմ մին ճայ իր երկրորդ դեղին քարտը ստանալով վտարուեցաւ դաշտէն: Պայերն 10 մարզիկներով շարունակեց մրցումը: 81-րդ վայրկեանին մրցակիցի ձեռքին դպնալէ ետք գնդակը, Քէյն առիթ ունէր հեթ-թրիքը ամբողջացնելու, բայց Սենթ Ժիլուազի բերդին ձողը զսպեց զայն: Պէտք է ըսել, որ պելճիքական ակումբի քանատացի Փրոմիս Տէյվիտ քանի մը առիթով վտանգեց Պայերնի բերդը, բայց Նոյըր պատրաստ էր անառիկ պահելու իր բերդը:

Անակնկալ արդիւնք էր Իտալիոյ մէջ, ուր Աթալանթա 1-0 յառաջանալէ ետք կիսախաղին 3 կոլ ստացաւ Աթլեթիք Պիլպաոյէն, շնորհիւ Կուրուզեթայի, Սերրանոյի եւ Նաւարոյի կոլերուն: 88-րդ վայրկեանին Նիքոլա Քրսթովիչ կոլով մը պատասխանեց, բայց Աթալանթա չկրցաւ հաւասարիլ` կորսնցնելով կարեւոր կէտեր իր դաշտին վրայ:

Ստորեւ` արդիւնքները.

Սլաւիա Փրակա – Պարսելոնա 2-4
Մարսէյ – Լիվըրփուլ 0-3
Նիւքեսըլ – ՓՍՎ Այնտհովըն 3-0
Քարապաղ – Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ 3-2
Պայերն Միւնիխ – Սենթ Ժիլուազ 2-0
Եուվենթուս – Պենֆիքա 2-0
Աթալանթա – Աթլեթիք Պիլպաօ 2-3
Կալաթասարայ – Աթլեթիքօ Մատրիտ 1-1
Չելս – Փաֆոս 1-0

Ստորեւ դասաւորումը յառաջիկայ շաբթուան մրցումներէն առաջ: Նշենք, որ առաջին 8 դիրքերը գրաւող խումբերը ուղղակիօրէն պիտի հասնին 1/8-րդ հանգրուան, մինչ 9-րդէն 24-րդ դիրքերը գրաւող խումբերը պիտի հասնին փլէյ օֆ` զտուելու եւ հասնելու 1/8-րդ հանգրուան:

ԿԷՏ
1.- Արսենալ 21 (20-2)
2.- Պայերն Միւնիխ 18 (20-7)
3.- Ռէալ Մատրիտ 15 (19-8)
4.- Լիվըրփուլ 15 (14-8)
5.- Թոթենհամ 14 (15-7)
6.- Փարիզ Սեն Ժերմեն 13 (20-10)
7.- Նիւքեսըլ 13 (16-6)
8.- Չելսի 13 (14-8)
9.- Պարսելոնա 13 (18-13)
10.- Սփորթինկ Լիզպոն 13 (14-9)
11.- Մանչեսթըր Սիթի 13 (13-9)
12.- Աթլեթիքօ Մատրիտ 13 (16-13)
13.- Աթալանթա 13 (10-9)
14.- Ինթեր Միլան 12 (13-7)
15.- Եուվենթուս 12 (14-10)
16.- Տորթմունտ 11 (19-15)
17.- Կալաթասարայ 10 (9-9)
18.- Քարապաղ 10 (13-15)
19.- Մարսէյ 9 (11-11)
20.- Պայեր Լեւերքուզըն 9 (10-14)
21.- Մոնաքօ 9 (8-14)
22.- ՓՍՎ Այնտհովըն 8 (15-14)
23.- Աթլեթիք Պիլպաօ 8 (7-11)
24.- Օլիմփիաքոս 8 (8-13)

Leave a Comment