Թրամփ. «Ցուցմունք Տուի Ամբողջ Իրանը Երկրէն Վերացնելու, Եթէ Փորձէ Զիս Ահաբեկելու Իր Սպառնալիքները Գործադրել»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «ՆիուզՆէյշըն» պատկերասփիւռի կայանի «Քէյթի Փաւլիչ Թունայթ» ծրագիրին հետ իր նախագահական երկրորդ նստաշրջանի միամեակին առիթով տրուած հարցազոյցի ընթացքին յայտարարեց, որ «շատ խիստ ցուցմունքներ» տուած է «Իրանը այս Երկիրի երեսէն ջնջելու», եթէ զինք ահաբեկելու իր սպառնալիքները գործադրէ:

Ան շեշտեց, որ ամերիկեան հակադարձութիւնը պիտի ներառէ ամբողջ պետութիւնը, եթէ այդ սպառնալիքները գործադրուին:

Leave a Comment