Պարրաք. «Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու` Իբրեւ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Գլխաւոր Ուժ Դերակատարութիւնը Վերջ Գտաւ

Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաք յայտնեց, որ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու` իբրեւ ՏԱՀԵՇ խմբաւորման դիմակայման գլխաւոր ուժ պարտականութիւնը «վերջ գտաւ»:

Անոր համաձայն, Սուրիոյ կառավարական ուժերը այլեւս պատրաստ են ստանձնելու ապահովութիւնը բանտերուն ու գաղթակայաններուն, ուր կալանաւորուած են ժիհատականներ եւ անոնց ընտանիքներու անդամները:

«Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն` իբրեւ գետնի վրայ ՏԱՀԵՇ խմբաւորման դէմ պայքարի գլխաւոր ուժ դերակատարութիւնը մեծ մասամբ վերջ գտաւ», յայտարարեց Պարրաք:

Ան աւելցուց, որ սուրիական իշխանութիւնները «այլեւս պատրաստ են ու դիրքի վրայ են ստանձնելու ապահովական պատասխանատուութիւններ, ներառեալ բանտեր, ուր կը պահուին կազմակերպութեան անդամները, եւ ճամբարներ, ուր կը պահուին անոնց ընտանիքներու անդամները»:

Նշենք, որ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը մեծամասնութեամբ քիւրտերով բնակուած Հասաքէ նահանգի ճակատագիրին շուրջ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն հետ նոր փոխհասկացողութեան յայտարարումէն ետք, երեքշաբթի օր չորս օր տեւողութեամբ զինադադար յայտարարեց:

Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը իրենց կարգին յայտարարեցին, որ իրենց ուժերը ամբողջովին պիտի յարգեն Դամասկոսի հետ գոյացած զինադադարը:

Leave a Comment