Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները ողջունեցին զինադադարի եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու քաղաքական ու զինուորական բոլոր հաստատութիւններու Սուրիոյ պետութեան համարկման մասին համաձայնութիւնը:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յոյս յայտնեց, որ համաձայնութիւնը կը նպաստէ անվտանգութեան ու կայունութեան ամրապնդման, պետութեան հաստատութիւններու կառուցման եւ օրէնքի կիրարկման` բաւարարելով բարգաւաճման եւ զարգացման սուրիացի ժողովուրդի ձգտումները:
Ռիատ վերահաստատեց իր ամբողջական աջակցութիւնը քաղաքացիական խաղաղութիւնը ամրապնդելու եւ Սուրիոյ գերիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը պահպանելու ջանքերուն:
Սէուտական Արաբիան բարձր գնահատեց այս համաձայնութեան համար Միացեալ Նահանգներու տարած աշխատանքը: