Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ յայտնեց. «Ամերիկեան-իսրայէլեան ծրագիրի ձախողումը Միացեալ Նահանգներու նախագահը յուսահատութեան մատնեց եւ հակասական ու զայրացած արձագանգներու մղեց»:
«Յեղափոխութեան ղեկավար սէյիտ Ալի Խամենէին, ցուցարարներու շարքերը խռովարարներէն անջատեց` անտեսելով Միացեալ Նահանգներու նախագահի սպառնալիքները», ըսաւ ան:
Քալիպաֆ յայտնեց, որ վերջին սադրանքը Իրանի դէմ ամերիկեան-իսրայէլեան յարձակումին շարունակութիւնն էր:
«Այն, ինչ որ 8 եւ 9 յունուարին Իրանի մէջ տեղի ունեցաւ, ՏԱՀԵՇ-ի օրինակով ահաբեկչական պատերազմ մըն է, որուն նպատակը Լիբանանի մէջ փէյճըրի գործողութեան նման էր», նշեց Իրանի խորհրդարանի նախագահը: