Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Զեկուցումներ ստացանք, թէ Իրան ամերիկեան ռազմակայաններ թիրախաւորելու շարք մը ընտրանքներու պատրաստութեան վրայ կ՛աշխատի»:
«Եթէ Իրանի վարչակարգը ամերիկեան շահերը յարձակումի ենթարկէ, չափազանց հզօր ուժ պիտի դիմակայէ», նշեց նախարարութիւնը: