Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի բացատրեց «վերջին սադրանքին իրականութիւնը, գործիքները եւ անոր դիմակայման համար մեր պատասխանատուութիւնները»:
«Միացեալ Նահանգներու նախագահը իր պատճառած կորուստներուն, վնասներուն, եւ իրանցի ժողովուրդին ուղղած ամբաստանութիւններուն համար ոճրագործ կը նկատենք», նշեց Խամենէի:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ուրբաթ օր նշեց. «Իսկապէս մեծապէս կը գնահատեմ իրանեան ղեկավարութեան` որոշուած աւելի քան 800 մահապատիժներու գործադրութեան ջնջումը: Շնորհակալութի՛ւն»:
«Ոչ ոք զիս Իրանին զինուորական հարուած հասցնելէ տարհամոզեց, ես ինքզինքս համոզեցի», ըսաւ Թրամփ: