
ՄԱՀԱԶԴ
ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի կոմիտէի վաստակաշատ անդամին`
ԻԶԱՊԷԼ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 13 յունուար 2026-ին, Քանատայի մէջ:
————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ իր վարչական անդամուհիին`
ԻԶԱՊԷԼ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 13 յունուար 2026-ին, Քանատայի մէջ
————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
ԼՕԽ-ի «Կարս» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ իր շրջանի վաստակաշատ նախկին վարչական անդամին`
ԻԶԱՊԷԼ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 13 յունուար 2026-ին, Քանատայի մէջ:
————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին տոքթ, Վարանդ եւ Էյմի Արզումանեան եւ զաւակները` Վան եւ Ալիք
Տիկին Անայիս Շամլեան եւ ընտանիք
Տիկին Շաքէ Արզումանեան եւ ընտանիք
Արզումանեան եւ Ուակնըր ընտանիքներ
Բրուտեան եւ Յովակիմեան ընտանիքներ
Հալէպլեան եւ Սաքաճեան ընտանիքներ
Իփճեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց քրոջ, եղբօր աղջկան, քրոջ աղջկան եւ հարազատին`
ՇԱՂԻԿ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Պէյրութ, 1972-ին)
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 13 յունուար 2026-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի կիրակի, 18 յունուարին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղումէն առաջ եւ ետք, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ:
————————————–
Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ
ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ
Կիրակի, 18 յունուար 2026-ին, Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ:
Պիտի նախագահէ, պատարագէ եւ իր հայրական պատգամը ուղղէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
Դիմաւորում` ժամը 9:30-ին
Պատարագ` ժամը 10:00-ին
Քարոզ` ժամը 11:00-ին
Մատաղօրհնէք` ժամը 11:30-ին
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` լսելու սրբազան հօր պատգամը` մասնակցելով եւ հաղորդուելով սոյն հոգեպարար արարողութեան:
Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
Ազգային բարերարներ աղա Գրիգոր եւ աղա Կարապետ Մելգոնեաններու եւ ՄԿՀ հանգուցեալ հոգաբարձուներու, ուսուցիչներու, պաշտօնեաներու եւ ուսանողներու յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 18 յունուար 2026-ին, Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԾԱՆՕԹ.- Արարողութենէն ետք տեղի պիտի ունենայ անդամական հաւաք` ՄԿՀ 100-ամեակի հանդիսութեան ծրագրումին համար:
ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ