Թրամփ. «Բանակը Իրանի Վերաբերեալ Շատ Ուժեղ Ընտրանքներ Կը Սերտէ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Իրանի դէմ զինուորական քայլի դիմելու ընտրանքը կը սերտէ:

Նախագահական օդանաւին մէջ պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին, թէ Իրան անցաւ իր նախապէս ճշդած` ցուցարարներ սպաննելու կարմիր գիծը, Թրամփ յայտնեց. «Կը թուի, թէ սկսան այդ մէկը կատարել»:

«Չափազանց լրջութեամբ հարցին կը հետեւինք, բանակը եւս կը հետեւի, եւ մենք կարգ մը շատ ուժեղ ընտրանքներ կը սերտենք: Որոշում մը պիտի տանք», աւելցուց Սպիտակ տան ղեկավարը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ յայտնեց, որ իրանեան ղեկավարութիւնը իրեն հետ կապ հաստատած է` «բանակցելու» ձգտելով:

«Իրանի ղեկավարները երէկ հեռաձայնեցին», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ժողովի մը պատրաստութիւն կը կատարուի: Անոնք կ՛ուզեն բանակցիլ»:

«Ժողով գումարելէ առաջ կրնանք ստիպուիլ գործի լծուիլ», ընդգծեց Թրամփ:

Սպիտակ տան ղեկավարը նաեւ խոստացաւ բանակցիլ գործարար Իլոն Մասքի հետ` «Սթարլինք»-ի միջոցով Իրանի մէջ համացանցային կապի վերականգնման վերաբերեալ:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաու Նինկ, պատասխանելով Թրամփի յայտարարութիւններուն մասին հարցումի մը, նշեց. «Մենք միշտ դէմ ենք այլ պետութիւններու ներքին հարցերուն միջամտութեան»:

«Բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք` Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան համար յաւելեալ ջանք թափելու», աւելցուց ան:

 

Leave a Comment