Արաղչի. «Այն, Ինչ Որ Ներկայիս Տեղի Կ՛ունենայ, Ցոյց Չէ, Այլ Երկրին Դէմ Ահաբեկչական Պատերազմ»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց, որ 28 դեկտեմբերին սկսած ցոյցերը հանդարտ էին եւ սահմանադրութեան համաձայն օրինական:

Ան ըսաւ, որ իրանեան կառավարութիւնը անմիջապէս բանակցութիւններու դիմեց եւ մտիկ ըրաւ ցուցարարներու պահանջներուն:

«Յաջորդ փուլին ցոյցերը դէպի բռնութիւն ուղղուեցան, եւ ապահովական ուժերը անոնց նկատմամբ հանդարտ վերաբերմունք ցուցաբերեցին», նշեց Արաղչի:

«Քայլարշաւները իրենց սկզբնական ուղղութենէն շեղելու նպատակով, ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումներու ցուցարարներու շարքեր մուտք գործելը նկատուեցաւ», յայտնեց ան:

«Իշխանութիւնները զոհերուն թիւը բարձրացնելու նպատակով ապահովական ուժերուն դէմ կրակոցի ապացոյցներ ունին», նշեց Արաղչի:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը աւելցուց, որ իշխանութիւններուն մօտ կան ահաբեկիչներուն հասած ձայնագրուած պատգամներ, որոնք անոնց կը հրամայեն քաղաքայիններուն եւ ապահովական ուժերուն վրայ կրակել:

«Այն, ինչ որ ներկայիս տեղի կ՛ունենայ, ցոյց չէ, այլ երկրին դէմ ահաբեկչական պատերազմ», շեշտեց Արաղչի:

Մինչ այդ, իրանեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի եւ տարբեր նահանգներու մէջ ընթացք առած են «միլիոնաւորներու մասնակցութեամբ ցոյցեր, որոնք կը դատապարտեն անկարգութիւնները եւ կ՛աջակցին իրանեան ղեկավարութեան:

 

 

Leave a Comment