Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի շաբաթ օր խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Կը խօսինք ցուցարարներուն հետ, սակայն խռովարարներու հետ խօսիլը անօգուտ է. պէտք է զանոնք իրենց տեղը դնել»:
«Գրգռիչ վարձկանները կանգնեցան շուկաներուն ետին, եւ իսլամութեան, Իրանի եւ Իսլամական հանրապետութեան դէմ կարգախօսներ բացագանչեցին», ըսաւ ան:
«Բողոքը օրինական իրաւունք է, սակայն ժողովուրդէն տարբեր է», նշեց Խամենէի: