Ակնարկ. Ներիրանեան Իրադարձութիւններն Ու Հայկական Ոսպնեակը

Ներիրանեան իրադարձութիւնները գրաւած են համաշխարհային լրատուադաշտի կարեւորագոյն տարածքները: Գերքաղաքականացուած մեկնաբանութիւններով յագեցած է մամուլի եւ տեղեկատուական ամէն հարթակ:

Տեղեկատուական եւ ապատեղեկատուական յորձանուտին պէտք չէ ներքաշուիլ եւ քաղաքական նկատումներէ մեկնած հանրային կարծիքի ստեղծման եւ անկէ անդին հակադարձ գործողութիւններու ենթահողի նախապատրատուութիւնները պէտք է տեսնել այս բոլորին մէջ:

Յիշելը կարեւոր է, որ նման նախադէպեր արձանագրուած են Իրանի մէջ կենցաղային, ապա ընկերային եւ նոյնիսկ ազգային բնոյթ հաղորդելով այդ զարգացումներուն, որոնք աւելի ուշ վերահսկողութեան տակ առնուած են կեդրոնական իշխանութիւններուն կողմէ:

Դիտարժանը ա՛յն է, որ նախադէպերու պարագային, անոնք տեղի կ՛ունենային Իրանի հասցուած հարուածներէն առաջ: Այսինքն` այն օրերուն, երբ Իրանի արտաքին յենակէտերը այսօրուան պատկերը չէին պարզեր թէ՛ Կազայի, թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ՛ Լիբանանի մէջ:

Այս հանգամանքները կարեւոր է դիտարկելը, փորձել ընկալելու համար ներիրանեան զարգացումներու շարժառիթները, բայց մանաւանդ անոնց ուղղութիւնը եւ հասնելիք եզրագիծը:

Ըմբոստութիւններուն հիմնական պատճառը տնտեսական տագնապի խորացումն է եւ աւելի մասնակի` օտար արժոյթի գերարժեւորումը կամ իրանեան դրամանիշի մրցանշային արժեզրկումը:

Փորձ կատարենք սակայն այս երեւոյթներուն բուն շարժառիթները տեսնելու եւ անմիջապէս յիշենք թրքական դրամանիշի ոստոստումներն ու արժեզրկումները ամէն անգամ, որ Անգարան փորձ կը կատարէր տարբեր ուղղութիւններով Ուաշինկթընի գծած սահմանները հատելու: Աւելի քան պարզ էր, որ տնտեսական եւ ֆինանսական խնդիրներու ահագնացումը կը հեռակառավարուէր Միացեալ Նահանգներէն:

Հիմա, արտաքին միջավայրերու մէջ Իրանի ազդեցութեան գօտիները հարուածելէ ետք, Իրանին կը պարտադրուի ներքին ճգնաժամեր դիմակայել: Իսկ ամէնէն ազդեցիկ ձեւը ներհասարակական բողոքներ հրահրելու, տնտեսական տագնապի խորացումն է: Իրանի դէմ կառուցուած պատնէշները, մեկուսացնելու աշխարհաքաղաքականութիւնը, շրջապատումն ու տնտեսական պատժամիջոցները կը յանգին այս պատկերին:

Հիւլէական բանակցութիւնները գէթ պաշտօնապէս առկախուած են: Իրանին պարտադրուող պահանջներուն դիմաց Թեհրանի հիմնական առաջադրանքը տնտեսական ապաշրջափակումն է: Բանակցութիւններուն առընթեր, խոստումներ, կաթիլային կշռոյթով փոփոխութիւններ եւ առկախումներ կը յատկանշէին ամբողջ գործընթացը:

Պարզ է ուղերձը: Ընդառաջել պահանջներուն, որպէսզի թոյլնայ շրջափակման օղակը եւ որպէսզի հանդարտի հասարակութիւնը:

Ուաշինկթըն կը սաստկացնէ ոճը եւ կը սպառնայ: Եթէ պաշտօնական Թեհրանը կրակ բանայ ցուցարարներուն ուղղութեամբ, պիտի ստանայ Միացեալ Նահանգներու հակահարուածը: Թեհրան կը պատասխանէ. ամերիկեան հակահարուածը անպատասխան չի մնար. կը վտանգուի Միացեալ Նահանգներու շահերը ամբողջ տարածաշրջանին մէջ: Ամերիկեան սպառնալիքներն ու կապերը կը նկատուին արտաքին միջամտութիւն ներիրանեան խնդիրներուն:

Ուշագրաւ է Իրանի նախագահին յայտարարութիւնը, որ ըստ էութեան կը բնութագրէ ամբողջ գործընթացը:

«Եթէ մարդիկ դժգոհ են ատիկա մեր յանցանքն է: Այստեղ Միացեալ Նահանգները կամ որեւէ մէկ այլ պետութիւն մեղադրելու հարց չկայ. պատասխանատուութիւնը մեր ուսերուն է»:

Իրանի նախագահը քաջատեղեակ է, որ իրանեան հասարակութեան բողոքի պատճառները կը հասնին մինչեւ պատժամիջոցներ եւ շրջափակում, որոնց հիմնական ճարտարապետը Ուաշինկթընն է: Վստահաբար քաջատեղեակ է նաեւ, որ արտաքին-ներքին ճնշումները համալիր ծրագիրի մը բաժիններն են: Այս բոլորով հանդերձ պատասխանատուութիւնը կը դնէ իրանեան իշխանութիւններուն վրայ` ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգներուն կամ այլ պետութիւններուն մօտ պէտք չէ փնտռել այս բոլորին պատճառները:

Այս յայտարարութիւնը ուղերձ է Միացեալ Նահանգներուն չմիջամտելու, չհրահրելու եւ չօգտագործելու ներիրանեան իրադարձութիւնները:

Այս մօտեցումը բաց կը պահէ հարցերու լուծման դիւանագիտական ուղին: Իսկ այդ ուղիի բաց մնալէն յատկապէս դժգոհ է Իսրայէլը, որ ամէն առիթի կը յայտարարէ, որ Թեհրան կը շարունակէ գերզինուիլ դառնալով սպառնալիք ամբողջ տարածաշրջանին:

Տարածաշրջանին մէջ Իրանի դերի վերասահմանում եւ վերաիմաստաւորում է, որ տեղի կ՛ունենայ: Արտաքին, բայց նաեւ ներքին ճնշամիջոցներով:

Հիմա, դարձեալ հայկական ոսպնեակով իրադրութիւնը հաշուարկելու փորձ: Իրանի առաջադրած ապաշրջափակումի կենսաճանապարհներէն է Սիւնիքի անցքը: Իսկ ապաշրջափակումը կարեւորագոյն հանգոյցն է այս խնդիրներուն: Այս հանգամանքներով ալ ԹՐԻՓՓ-ի կառուցումը պէտք է ընկալել ամերիկեան վերահսկողութեամբ Իրանի ապաշրջափակումը:

Իրանի ուղղութեամբ ներքին-արտաքին ճնշումներու այս տարածաշրջանային քաղաքականութեան դիմաց չէին երեւիր հայկական կողմին հաշուարկները:

«Փրոքս»-ի կէտի չվերածուելու, Իրանի նման ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող գործընկեր պետութեան շահերուն հարուածող դիրքի վրայ չըլլալու եւ հաւասարակշիռ քաղաքականութիւն վարելու առումներով:

«Ա.»

Leave a Comment