Պայրագտարեան. «Մարմնակրթութիւնը Կրնայ Մարդոց Եւ Հասարակութեան Կեանքին Մէջ Դրական Ազդեցութիւն Ունենալ»

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան հովանաւորեց լիբանանեան պասքեթպոլի մրցանակներու տարեկան «Պի.Պի.Էյ.Էյ. Ըուորտզ» հանդիսութիւնը:

Ան շնորհաւորեց լրագրող Տորի Նասրի նշեալ նախաձեռնութեան գաղափարն ու կազմակերպումը:

«Այսօր մեզ այստեղ համախմբողը մրցանակներու տուչութիւն կամ կարողութիւններու մեծարում չէ, այլ ոգեկոչումը յարատեւման ոգիին, խումբի ոգիին եւ հաւատքին, թէ մարմնակրթութիւնը կրնայ մարդոց եւ հասարակութեան կեանքին մէջ դրական ազդեցութիւն ունենալ:

Leave a Comment