Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ Թեհրանի մէջ գումարուող միջազգային խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց. «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութիւնը առանցքային ծրագիր մըն էր, որ Իսրայէլի դիմակայման մէջ նոր հաւասարակշռութիւններ ստեղծեց, բռնագրաւումին վայրագութիւնը բացայայտեց եւ Պաղեստինի ու Լիբանանի մէջ դիմադրողներու տոկունութիւնը ցոյց տուաւ»:
«12 օրուան տեւողութեամբ ճակատումի ընթացքին Իրանի դիմացկունութիւնը աշխարհի վրայ ճնշուածներուն յոյս տուաւ», յայտնեց շէյխ Քասեմ: