Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժար «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին յայտնեց, որ պատրաստ չէ «որեւէ պատճառով խորհրդարանական ընտրութիւնները յետաձգելու որեւէ առաջարկ ներկայացնելու»:
Ան նշեց, որ ինք «լիովին յանձնառու է հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի Պքերքէի մէջ արտասանած խօսքին, որուն մէջ ան շեշտեց, թէ ընտրութիւնը սահմանադրական հոլովոյթ մըն է, որ պէտք է իր ժամկէտին տեղի ունենայ»:
«Յանձնառու ենք օրէնքով ճշդուած քայլերուն եւ ճշդուած պայմանաժամերուն», աւելցուց Հաժժար: