Խմբագրական. Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Ը. Եւ Վերջ) Արհեստական Բանականութիւն Եւ Հաւաստիութիւն

Անդրադարձանք արդէն տպագիրի եւ ելեկտրոնային տարբեր ուղղութիւններուն, առաջինին դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ երկրորդին զարգացման կարելիութիւններուն: Երկրորդը զարգացման շատ տեղ ունի եւ պիտի ունենայ տակաւին` հասանելիութեան, մարդուժի ներգրաւման, տարածման եւ աշխարհագրութեան ընդլայնման առումներով: Կ՛ապրինք ժամանակի մը մէջ, որ գերհամակարգիչներունը պիտի ըլլայ արագութեան, տեղեկութիւններու ամբարման անվերջ նոր մրցանիշներ հաստատելով: Թուանշայինը արդէն անցում կը կատարէ արհեստական բանականութեան, իբրեւ աշխատակարգ եւ մեթոտաբանութիւն, բայց նաեւ իբրեւ նիւթ հայթայթող, ոչ միայն ուղղագրութիւն, սրբագրութիւն, այլ նաեւ խմբագրող եւ որեւէ հարցումի արագութեամբ պատասխան տուող ծառայութիւններու համակարգ:

Արհեստական բանականութիւնը կը ներկայանայ իբրեւ մարդու կողմէ ծրագրաւորուած, սակայն մարդկային ուղեղին հետ մրցող շատ պարագաներու որոնման, ուսումնասիրութեան ցարդ կիրարկուած թէ՛ թղթային եւ թէ՛ ելեկտրոնային միջոցները անդրանցնող բոլորովին նոր իրականութիւն:

Արհեստական բանականութիւնը մարդուժի տագնապը կրնայ միայն որոշ առումներով լուծել: Մամուլի վերաբերող միջազգային համագումարներու ներկայացուած են արհեստական բանականութեամբ խմբագրուած թերթ հրատարակելու օրինակներ: Այնքան հեռուները երթալու եւ այդ կարելիութիւնները օգտագործելու անհրաժեշտութեան դիմաց չենք:

«Ազդակ»-ը մեր պարագային դպրոց է: Առկայ աշխատանքը, խմբագրատան զրոյցները, հաւաքները, խորհրդակցութիւններով յօդուածներու նիւթ ճշդելը, լրատուութեան առաջնահերթութիւնները որոշելն ու ընդհանրապէս խմբագրական քաղաքականութիւն մշակելը արհեստական ձեւերով կարելի չէ կիրարկել:

Մարդկային գործօնը չի փոխարինուիր նման արհեստագիտութեամբ, որ ի դէպ կը մնայ օգտագործելի վերը նշուած նպատակներուն համար:

Կուսակցական հասկացողութեամբ ալ խմբագրատուները քննարկումներու միջավայրեր են, ուր հայկական իրադարձութիւններու մասին զրոյցները, խորհրդակցութիւններն ու քննարկումները մեծապէս օգտակար են խմբագրութեան, ոչ միայն նիւթերու արծարծման, այլ նաեւ հրատարակութեան պատրաստութեան:

Որքան ալ փոխարինուի մարդուժը, որքան ալ դէպի կատարելութիւն ընթանան արհեստական բանականութիւնն ու արհեստագիտութիւնը, յամենայն դէպս, մարդկային գործօնը պիտի շարունակէ հիմնական դերակատարութիւն ունենալ մամուլի աշխատանքներուն մէջ: Մարդակեդրոն մամուլ հասկացողութիւնն ու ձեւակերպումը պէտք ունինք շատ արծարծելու, շրջանառութեան մէջ դնելու եւ առանցքային նշանակութիւն հաղորդելու անոր:

Ի վերջոյ արհեստական բանականութիւնը նաեւ շատ կ՛օգտագործուի կեղծ լրատուութեան եւ հետեւաբար ապակողմնորոշման նպատակներով: Արդէն տեղեկատուական դաշտը յագեցած է կեղծ լրատուութիւններով, տեսագրութիւններով,  տեսողական եւ ձայնային հարազատութիւն կապկող տեսանիւթերով: Փորձաքննութիւններ անհրաժեշտ են հաստատելու, տարանջատելու համար կեղծն ու իրականը: Մինչեւ անոնց հաստատումը արհեստական բանականութեան արտադրութիւնը, առանց ստուգուելու կայծակնային արագութեամբ կը շրջանառուի, կը հասնի զանգուածներու, որոնք կը համոզուին:

Ոչ արհեստականն է, հետեւաբար մարդը, լրագրողը այս պարագային, որ հաւաստիութեան պահպանման համար նոր մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ: Հրամցուածները արագօրէն չկիսելու, չտարածելու, առանց ստուգման չիւրացնելու եւ անոր հիման վրայ նիւթ չսարքելու համար:

Այս բոլորը յաւելեալ զտումի կ՛ենթարկուին, երբ կը խօսինք տպագիր մամուլի մասին, ուր տպուած իւրաքանչիւր լուսանկարը, տառը, պէտք է անցնի նոր մաքրազտման գործիքներէ: Այլապէս, կը պատահի այն, ինչ որ ցաւօք կը պատահի այսօր տեղեկատուական դաշտին մէջ գործող շատ լրատուամիջոցներուն:

Ահա՛ նոր մարտահրաւէր մը, որ կը դիմագրաւէ լրատուամիջոցը, տեղեկատուական դաշտը, մեր հասկացողութեամբ մամուլը: Պատասխանատու եւ հաւաստի մամուլը: Մեր պարագային 100-ամեակի շեմին գտնուող «Ազդակ»-ը:

Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով իբրեւ ինքնամաղթանք կը շեշտենք հաւաստի, պատասխանատու եւ  առարկայական մնալը: Եւ այս սկզբունքներուն հիման վրայ նիւթերու իրազեկում` բոլորիս:

Leave a Comment