Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ խաղաղութեան համաձայնութեան վերաբերեալ բանակցութիւններուն արդիւնքը պիտի յստականայ յառաջիկայ շաբաթներուն:
Թրամփ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ Մարալակոյի մէջ իր ժողովէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց. «Կը կարծեմ այս կամ այն ձեւով քանի մը շաբաթէն պիտի գիտնանք», թէ բանակցութիւնները արդիւնքի յանգա՞ծ են:
Ան յայտնեց, որ բանակցութիւնները «չափազանց դժուար» էին:
Պատասխանելով Ուքրանիա տրուելիք հաւանական այցելութեան մասին հարցումի մը` Սպիտակ տան ղեկավարը զայն չբացառեց եւ ըսաւ. «Առաջարկեցի այդտեղ երթալ եւ իրենց խորհրդարանին մէջ խօսք արտասանել»:
«Ռուսիան պիտի օգնէ: Ռուսիան կ՛ուզէ, որ Ուքրանիան յաջողութեան հասնի: Նախագահ Փութին շատ առատաձեռն եղած է Ուքրանիոյ յաջողութեան հասնելու համար օգնելու հարցին մէջ, ներառեալ շատ ցած գիներով ուժանիւթ, ելեկտրականութիւն եւ այլ բաներ մատակարարելով», յայտարարեց Սպիտակ տան ղեկավարը:
Թրամփ Զելենսքիի հետ իր բանակցութիւններէն առաջ նշեց. «Մենք հիանալի հանդիպում ունեցանք… Մօտ ենք, թերեւս նոյնիսկ շատ մօտ»:
Ան աւելցուց, որ կողմերը քննարկած են «շատ հարցեր» եւ 95 առ հարիւրի յառաջընթացի հասած են հակամարտութեան լուծման գործին մէջ:
Զելենսքի յայտարարեց, թէ բոլոր նիւթերը արդիւնաւէտ կերպով քննարկուած են` ընդգծելով, որ երկու կողմերը համաձայնած են Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ուքրանիոյ համար անվտանգութեան երաշխիքներու մասին:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը նշեց, որ Եւրոպան պիտի ստանձնէ Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխիքներու մեծ մասը, սակայն իր երկիրը անպայման պիտի օգնէ:
«Մենք զգալի յառաջընթաց արձանագրած ենք պատերազմը դադրեցնելու ուղղութեամբ: Ես կը ծրագրեմ յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին նոր կապեր հաստատել Զելենսքիի հետ: Մենք պէտք է հիմա համաձայնութեան գանք, հակառակ պարագային` յաւելեալ տարածքներ պիտի գրաւեն», ըսաւ ան:
Թրամփ նաեւ նշեց. «Քիչ առաջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ շատ լաւ ու արդիւնաւէտ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցայ»:
Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով յայտնեց, որ Փութին-Թրամփ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը նախաձեռնած է Թրամփը, որ կ՛ուզէր Զելենսքիի հետ իր հանդիպումէն առաջ քանի մը հարց քննարկել: Զրոյցը տեւած է մէկ ժամ 15 վայրկեան եւ եղած է բարեկամական, սիրալիր եւ գործնական:
«Փութին Թրամփին ներկայացուց Անքըրէյճի մէջ եւ երկկողմանի հաղորդակցութիւններու ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու վրայ յոյս դնելու հիմնարար կարեւորութիւնը: Նախագահները ունին նոյն տեսակէտը, թէ հանրաքուէի պատրուակով ժամանակաւոր զինադադարը միայն պիտի երկարաձգէ հակամարտութիւնը: Թրամփ նշեց, որ համոզուած է Ռուսիոյ յանձնառութեամբ` կացութեան քաղաքական եւ դիւանագիտական լուծման նկատմամբ: Ճիշդ ասիկա հաշուի առնելով ան մտադիր է կառուցել Զելենսքիի հետ բանակցութիւնները», յայտնեց Ուշաքով:
Ան նշեց, որ Փութին համաձայնած է իր ամերիկացի պաշտօնակիցի առաջարկին լուծման վրայ աշխատանքը շարունակելու երկու յատուկ ստեղծուած աշխատանքային խումբերու ծիրին մէջ. մէկը` անվտանգութեան, միւսը` տնտեսական հարցերով: Մարտական գործողութիւնները վերջնականապէս դադրեցնելու համար Քիեւին անհրաժեշտ է Տոնպասի հարցին մէջ քաղաքական լուծում ունենալ: Ղեկավարները համաձայնած են բանակցելու Թրամփի եւ Զելենսքիի հանդիպումէն ետք:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով իր կարգին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ Քրեմլին համաձայն է Միացեալ Նահանգներու նախագահին հետ, թէ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը վերջին փուլերուն հասած է:
Ան նաեւ յայտարարեց, թէ Փութին – Թրամփ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը շատ շուտով տեղի պիտի ունենայ: