Զամիր. «Ճակատամարտը Չէ Աւարտած, Բոլոր Ճակատները Կը Գործեն, Եւ Տակաւին Մեր Առջեւ Բազմաթիւ Մարտահրաւէրներ Կան»

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Իալ Զամիր յայտարարեց, թէ իսրայէլեան ուժերու շարք մը ճակատներու վրայ զինուորական գործողութիւնները «տակաւին չեն աւարտած եւ գործօն են»: Ան այս մասին յայտնեց իսրայէլեան բանակի հետախուզական բաժանմունքին` Ամանի տարեկան խորհրդաժողովի ընթացքին:

«Ճակատամարտը չէ աւարտած, բոլոր ճակատները տակաւին կը գործեն, եւ տակաւին մեր առջեւ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ կան», աւելցուց ան:

Զամիր նշեց, որ իր երկրի բանակը կ՛անցնի փոխանցման «անհրաժեշտ» փուլէ:

«Բազմաթիւ ճակատներու վրայ պատերազմի իրողութիւնը տեղեկահաւաքի բաժանմունքին համար հրամայական կը դարձնէ փոփոխութիւններուն հետեւիլ եւ տեսակարար զգուշացումներ տրամադրել», յայտնեց իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետը:

Leave a Comment