Թրամփ. «Կը Նախատեսեմ, Որ Նեթանիահուի Հետ Բանակցութիւնները Կեդրոնական Կազայի Վրայ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Նիւ Եորք Փոսթ» օրաթերթի հետ հարցազրոյցի ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, որ եթէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի տեղ ըլլար, պիտի ճանչնա՞ր Սոմալիլենտը, ըսաւ. «Ո՛չ: Արդեօ՞ք մէկը գիտէ՞, թէ Սոմալիլենտը ի՛նչ է»:

Անդրադառնալով այսօր Մայամիի մէջ Նեթանիահուի հետ իր հանդիպումին` ան նշեց. «Կը նախատեսեմ, որ Նեթանիահուի հետ բանակցութիւնները կեդրոնանան Կազայի վրայ»:

«Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ պատերազմի հարցով խաղաղութեան համաձայնութեան հասնելու նկատմամբ լաւատես եմ», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը:

«Ռուսիան կ՛ուզէ խաղաղութեան համաձայնութեան հասնիլ, եւ կը կարծեմ, որ ատիկա իրագործելու լաւ առիթ ունինք», յայտնեց Թրամփ:

«Ամէն անգամ, որ ռուսական կամ ուքրանական կողմերէն մէկը խաղաղութեան համաձայնութիւն կ՛ուզէ, միւս կողմը զայն կը մերժէ», նշեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու այսօր առաւօտեան պիտի ուղղուի Միացեալ Նահանգներ, այսօր` երկուշաբթի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հանդիպելու համար»:

«Նեթանիահու Թրամփէն «կանաչ լոյս» պիտի խնդրէ ապագային Իրանը հարուածելու համար, եւ անոր պիտի փոխանցէ Համաս շարժումի զինաթափումէն առաջ Կազայի համաձայնութեան երկրորդ փուլ անցնելու Իսրայէլի մերժումը», նշեց ձայնասփիւռի կայանը:

Leave a Comment