Փութին. «Ուքրանիան Խաղաղութեան Հասնելու Չի Շտապեր»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ Ուքրանիան խաղաղութեան հասնելու չի շտապեր, եւ եթէ չուզէ տագնապը խաղաղ ճամբով լուծել, Մոսկուան իր բոլոր նպատակներուն ուժի կիրարկմամբ պիտի հասնի: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Փութինի խօսքերը յաջորդած են Քիեւի վրայ Ռուսիոյ անօդաչու թռչող սարքերով եւ հրթիռներով զանգուածային յարձակումին, որմէ ետք Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտարարած էր, թէ Ռուսիան ցոյց կու կայ պատերազմը շարունակելու իր ցանկութիւնը:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան փոխանցումով, Քրեմլինը «Թելեկրամ»-ի վրայ յայտնած է, թէ զինուորական հրամանատարները այցելութեան ընթացքին Փութինին տեղեկացուցած են, թէ ռուսական ուժերը գրաւած են Ուքրանիոյ արեւելեան Տոնեցք շրջանի Միռնոկրատ, Ռոտինսքէ եւ Արթեմովքա քաղաքները, ինչպէս նաեւ Զապորոժիէ շրջանի Կուլիաիփոլէ եւ Սթեփնորհիրսք բնակավայրերը:

Ուքրանական բանակը հերքած է Կուլիաիփոլէի եւ Միռնոկրատի վերաբերեալ Ռուսիոյ յայտարարութիւնները` զանոնք որակելով կեղծ: Ուքրանական բանակի սպայակոյտի յայտարարութեան համաձայն, նշեալ երկու վայրերուն մէջ ալ կացութիւնը կը մնայ «բարդ», սակայն ուքրանական զօրքերը կը շարունակեն «պաշտպանական գործողութիւնները»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 2025 թուականի ընտրութիւններու արդիւնքներուն վերաբերեալ ԹԱՍՍ-ի տուած իր հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է. «Ռուսիան Վոլոտիմիր Զելենսքիի վարչակարգին ու անոր եւրոպացի ղեկավարներուն մօտ կառուցողական բանակցութիւններու պատրաստակամութիւն չի տեսներ»:

«Քիեւի վարչակարգը կ՛ահաբեկէ խաղաղ բնակիչները եւ ներթափանցումներ կը կատարէ մեր երկրի քաղաքացիական ենթակառոյցներուն դէմ», աւելցուցած է Լաւրով:

 

Leave a Comment